image

«Բանաստեղծութիւնը եկաւ ամբողջացնելու Հայաստանի հանդէպ կարօտը» Երեւանի մէջ ներկայացուցեցաւ բանաստեղծ Տիգրան Գաբոյեանի նորատիպը

«Բանաստեղծութիւնը եկաւ ամբողջացնելու Հայաստանի հանդէպ կարօտը»  Երեւանի   մէջ ներկայացուցեցաւ բանաստեղծ Տիգրան Գաբոյեանի նորատիպը

Ժամանակակից գրող Տիգրան Գաբոյեանը 4 հոկտեմբերին Հայաստանի գրողներու միութեան անդամներուն ներկայացուց երրորդ՝ «Ճեղքերս քաղաքակրթութիւններու պատերով» բանաստեղծական ժողովածուն:

«Տիգրանի բանաստեղծութիւններուն ծանօթ էի մամուլէն: Ամփոփ  գիրքի մը մէջ անոր նկարագիրը աւելի յստակ կը դառնայ: Հեղինակի բանաստեղծական մտածողութիւնը գիտէի, բայց ան ինձ երբեմն յանկարծակիի կը բերէր: Անոր լեզուամտածողութիւնը, պատկերային, բանաստեղծական մտածողութիւնը շատ հետաքրքիր կ'արտայայտուին այս գիրքին մէջ: Այստեղ արտացոլուած են վերջին տարիներուն Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած դաժան իրողութիւնները, որոնց ականատեսը եղած է գրողը, եւ անոր կենսափորձը դարձած է բանաստեղծութիւն»,-«Արմէնբրես»-ի հաղորդմամբ` ըսած է միութեան նախագահ Էտուարտ Միլիտոնեանը:

Ան շեշտած է, որ Տիգրանն իր բանաստեղծական խօսքը  կը մօտեցնէ մարդու հոգիին, եւ անոր մէջ կայ սէր, մարդկութիւն:

Տիգրան Գաբոյեանն ալ նշած է, որ իրեն շատերը քաջալերած են հրատարակել ժողովածուն: Ինք արդիւնքէն գոհ է:

Տիգրանն ինքն իրեն խոր հայաստանցի եւ ծանրակշիռ սփիւռքահայ  անուանեց: «Որպէս  քաղաքակրթական արժէք, սփիւռքը զիս տառապեցուցած է: Հայաստանն ու հայաստանակեդրոնութիւնը իմ կեանքիս մէջ միշտ առկայ էին: Առաջին բանաստեղծութիւնս նուիրուած էր Մասիսին: Կը կարծեմ` բանաստեղծութիւնը եկաւ ամբողջացնելու Հայաստանի հանդէպ կարօտը»,-խոստովանած է գրողը:

Գիրքը լոյս տեսած է ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարարութեան, Հայաստանի գրողներու միութեան նախաձեռնութեամբ:

Այն հրատարակուած է 300 օրինակ տպաքանակով. շուտով հասանելի պիտի ըլլան գրախանութներուն մէջ:

 

 

Նիւթը ՝ «Արմէնբրէս»էն