image

Սերտար Քըլըչը ժամանած է Հայաստան. Մարկարա անցակէտի մօտ ան դիմաւորուած է Ռուբէն Ռուբինեանի կողմէ

Սերտար Քըլըչը ժամանած է Հայաստան. Մարկարա անցակէտի մօտ   ան դիմաւորուած է Ռուբէն Ռուբինեանի կողմէ

Հայաստան-Թուրքիա կարգաւորման գործընթացին մէջ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչը ժամանած է Հայաստան։

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ Հայաստան-Թուրքիա սահմանին՝ Մարգարա անցակէտի մօտ Սերտար Քըլըչը ողջունած է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեանը։

Սերտար Քըլըչի առաջիկայ այցի մասին յայտնի դարձած էր նախորդ շաբաթ։ Թրքական լրատուամիջոցները յայտնած էին, որ ան պիտի ժամանէ ցամաքային սահմանով՝ «Ալիճան»-«Մարգարա» սահմանային անցակէտով։