image

Սեդա Ազնաւուր Զայրացած է Էտուարտ Նալբանդեանէն

Սեդա Ազնաւուր Զայրացած է  Էտուարտ Նալբանդեանէն

Ըստ Փարիզի «Նոր Յառաջ»ին, Շարլ Ազնաւուրի դուստրը՝ Սեդա Ազնաւուր նամակ մը յղելով նախագահ Սարգսեանին, անկէ խնդրած էր իր ազդեցութիւնը բանեցնել եւ միջամտել արուեստագէտ Վարդան Պետրոսեանի ազատ արձակման համար:  Իր նամակի պատասխանին   անարդիւնաւէտութեան  պատճառով    Սեդա Ազնաւուր սրդողած էԱրտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի   անտարբերութիւնէն: Աղբիւրը  նաեւ կը գրէ, թէ  Սեդա Ազնաւուր   իր  «Ֆէյսպուք»եան էջին վրայ ծանրօրէն քննադատած է  Էդուարտ  Նալբանդեանը, որ իր դիմումին չէ պատասխանած: «Զինք ջնջած եմ ցանկէս։ Այնքա՜ն ազնիւ կ՚երեւէր։ Մինչդեռ խոշոր ապտակ մը ստացայ դէմքիս։ Ափսո՜ս. կ՚ատեմ մարդոց մասին սխալիլ» գրած է Ս. Ազնաւուր, որ իր գրութիւնը եզրափակած է հետեւեալ տողերով. «Այս գրութիւնը ինծի թշնամիներ պիտի պատճառէ, թերեւս նոյնիսկ պիտի արժէ մորթիս վրայ փամփուշտ մը։ Հահա՜»։