Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմինի պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ ատենապետ Ընկ. Կիրակոս Թիւթիւնճեանի եւ ընկերակցութեամբ պետական երեսփոխան Մեթր Սերժ Թուրսարգիսեանի, երէկ այցելեց Լիբանանի մօտ Գերմանիոյ դեսպանատուն, ուր տեսակցեցաւ դեսպան Մարթին Հութի հետ, ողջունելու համար Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի վաւերացումը: Հնչակեան Կուսակցութեան պատուիրակութիւնը Գերմանիոյ դեսպանին յանձնեց Պունտեսթակի նախագահին ուղղուած նամակ մը, որուն մէջ շնորհակալութիւն կը յայտնէ բանաձեւի վաւերացումին համար, գնահատելով խորհրդարանի նախագահին ու բոլոր երեսփոխաններուն ջանքերը: «Մենք լաւ կը գիտակցինք, որ Գերմանիա Եւրոմիութեան սիրտն է, ուստի այս ճանաչումը շատ կարեւոր է համայն հայութեան համար», ըսուած է Հնչակեան կուսակցութեան նամակին մէջ: Կուսակցութեան պատուիրակութիւնը դեսպան Հութի հետ նաեւ քննարկեց ընդհանուր զարգացումները:
Լուրի աղբիւր՝ «Արարատ» Պէյրութ: