«Թորոնթոհայ» ամսագիրի դիմատետրեան էջէն կը կարդանք՝
Սամիր Ֆարուքի վեհաշուք «Տափահացի գրադարան» գործը, որ այս տարուան Թորոնթոյի պիէնալէի (երկամեակ) առանցքային ցուցադրութիւններէն է, ներշնչուած է արուեստագէտին 2019-ի Փաքիստան այցելութենէն, զոր կատարած էր իր հօր հետ:
Ֆարուք մեծցած է Քէյփ Պրեթըն, Նովա Սքոշա. փաքիստանցի հայրը բժիշկ էր եւ ուկանտացի Իսմայիլի մայրը՝ մանկաբարձ (midwife): Այցելութեան ընթացքին, ան կը մնար Փեշաւարի լեռնային շրջանին մէջ, որ կը սահմանակցի Աֆղանիստանի հետ, իր հօրաքրոջ հետ: Օր մը, ան այցելեց տեղական թանտուրին՝ Հարաւային Ասիոյ մէջ տարածուած համայնքային փուռը, ուր տեղացիները իրենց հացը կը տանին թխելու: Այնտեղ ան բան մը յայտնաբերեց:
«Քանդակագործական առումով խորապէս ներշնչուեցայ հոն եղած հացերու տարբեր տեսակներէն», կը պատմէ Ֆարուք The Art Newspaper-ին: «Անոնք ունէին տարբեր հիւսուածքներ եւ կնիքներ, որոնք կը նշէին յատուկ փուռեր, եւ իւրաքանչիւր փուռ ունէր իր սեփական նախշը կամ զարդանախշը՝ դրոշմուած հացին վրայ»:
Ան կը բացատրէ, որ հացթուխները կը գնեն հացի կնիքներ շուկայի փայտագործներէն՝ նախշեր դնելու հացին վրայ։ Հացերը նաեւ կը զարդարեն իրենց մատներով այլ նշաններ ու փոսիկներ դնելով՝ որպէս տեսակ մը ստորագրութիւն: Յաճախ, անոնք հացը կը զետեղեն կախուած գորգերու վրայ կամ կը փռեն գետնի գորգերու վրայ՝ որպէս տեսակ մը ցուցադրութիւն:
Թորոնթոյի մէջ հաստատուած արուեստագէտին համար ասիկա «իւրէքա» պահ մըն էր, ուր ան վերապատկերացուց տափահացը որպէս տեսակ մը գործուածք, զոր ան կը հիւսէ իր տեղադրութեան մէջ՝ շնորհքով եւ հնարամտութեամբ: Ասիկա նաեւ սկիզբն էր թանտուրներու տարիներու հետազօտութեան, որ արուեստագէտը տարաւ Թուրքիա, Իւզպեքիստան, Տաճիկիստան, Մարոք եւ Մեքսիքօ: Ան յայտնաբերեց, որ ամենուր այս փուռերը համայնքի կառուցման միջոցներ էին:
«Հայրս միշտ կ'ըսէ, որ հացը թերթի նման է: Երբ հացթուխը դուռէ դուռ հաց կը մատակարարէ, ան նաեւ կը տարածէ համայնքի լուրերն ու բամբասանքը», կ’ըսէ Ֆարուք:
Ան նաեւ սորվեցաւ, որ տափահացը կը վայելէ տեսակ մը համընդհանրութիւն՝ անցնելով սահմաններէ եւ ինքնութիւններէ, ինչպէս սուֆի ճամբորդը ուտելիքի աշխարհին մէջ․ բան մը որուն հետ Ֆարուք անձնապէս նոյնացաւ: Ան կը տեսնէ տափահացերը որպէս «ներդրուած յիշողութեան» պահեստարաններ՝ թէ՛ հաւաքական եւ թէ՛ պատմական:
Առաջնորդուելով թանգարանային պատումային ռազմավարութիւններու քննադատական ընթերցման եւ վերապատկերացման իր փորձառութենէն, տափահացի պատմութիւնը շուտով դարձաւ մոլուցք: 2020-ին, Ֆարուք կառուցեց թանտուրի փուռի տեղադրութիւն մը Սքարպորոյի թանգարանին մէջ եւ փետրուար 2023-ին՝ մէկ այլը Մեքսիքօ սիթիի «Մաթերիա Ապիերթա» դպրոցին մէջ: Երկու պարագային ալ, ան կազմակերպեց համայնքային հաւաքներ փուռերուն շուրջ, ուր տափահաց թխուեցաւ եւ բաժնուեցաւ:
Ան նաև սկսաւ կեդրոնանալ տափահացին վրայ որպէս արուեստի նիւթ, պատրաստելով ցուցահանդէս մը Le 19 CRAC-ի մէջ՝ մշակութային կեդրոն մը ֆրանսական ալպեան Մոնպելիար քաղաքին մէջ, Զուիցերիոյ սահմանին մօտ, 2023-ի ձմրան: Ատիկա «մանրակերտ» մըն էր պիէնալէի ծրագիրին, կ'ըսէ ան:
Թորոնթոյի պիէնալէի եւ «Քուինզ» համալսարանի «Ակնէս Էտըրինկթըն» արուեստի կեդրոնի (ուր ան արուեստագէտ-բնակիչ էր այս տարուան սկիզբը) համատեղ հովանաւորութեամբ՝ ան սկսաւ հետազօտել Մեծն Թորոնթոյի շրջանի բազմաթիւ սփիւռքեան հացատուներ, որոնք կ'օգտագործէին թանտուրներ կամ այլ տեսակի համայնքային փուռեր՝ տափահաց պատրաստելու համար: Ասոնք կ'ընդգրկէին հայկական, հնդկական եւ մեքսիքական, ինչպէս նաեւ աֆղանական, իրանական, փաքիստանեան, լիբանանեան եւ այլ տափահացերու աւանդոյթներ: Ան նաեւ հանդիպեցաւ Կազայէն մօր մը եւ անոր աղջկան, որոնք ունէին իրենց սեփական աւանդական կաւէ փուռը իրենց պատշգամին վրայ, որ պատրաստէին պաղեստինեան թապուն: Ֆարուք պատրաստեց յատուկ գրքոյկ մը՝ կիներուն հետ հարցազրոյցներով՝ իրենց հացին, պատմութեան եւ ուտելիքի նախնիներու յիշողութիւններուն միջեւ կապին մասին:
Այս բոլոր հացերը մանրամասնօրէն նկարագրուած են իր Թորոնթոյի պիէնալէի ցուցահանդէսին ուղեկցող յատուկ հրատարակութեան մէջ, նկարագրելով նուրբ լաւաշը Իրանէն, Հայաստանէն եւ Թուրքիայէն, հնդկական նաանն ու րոթին եւ մեքսիքական թորթիան, իւրաքանչիւրը իր իւրայատուկ ձեւաւորումով, հիւսուածքով եւ համով:
Իր խեցեգործական փորձառութենէն օգտուելով` Ֆարուք կ'օգտագործէ կաւէ սալիկներ պատրաստելու մէջ գործածուող հնարք մը: Ան կը չորցնէ տափահացերը պատի տախտակներու տակ, տախտակներուն մէջի կիրը քաշելով խոնաւութիւնը հացերէն՝ զանոնք հարթ կը պահէ: Երբ տափահացերը չոր են, ան կը պատէ զանոնք շելլաքով եւ «ֆլեքսի փէյնթ» կոչուող արտադրանքով մը, որ գրեթէ կը ռետինցնէ հացերը՝ զանոնք նուազ փխրուն եւ աւելի դիւրին գործածելի դարձնելով:
Օգտագործելով տափահացերը որպէս քանդակային նիւթեր եւ ներշնչուելով Իրանի շուկաներուն մէջ տեսնուող սանկաքի «վարագոյրներէն», ան կը կախէ զանոնք պարզ փայտէ շրջանակէ մը, ցանցով եւ գորգով պաստառուած՝ յուշելով հոսող գործուածք մը: Արդիւնքը տեսակ մը տափահացի սրբավայր է, ուր հացի տարբեր ազգութիւնները եւ, հետեւաբար, տարբեր ժողովուրդներ՝ կը գոյակցին եւ կը կապուին՝ իրենց պատմութիւնները միահիւսելով:
«Եգիպտոսի մէջ հացը «աիշ» կը կոչուի. այսինքն՝ «կեանք»», կ'ըսէ ան: Նկատի առնելով հացի գրեթէ սրբազան կարգավիճակը, մեղք կը համարուի զայն նետելը, ուստի Ֆարուք օգտագործեց մնացորդ հացի կտորները մենատիպեր արտադրելու համար, զանոնք պատելով իւղային թանաքով, ապա դնելով թուղթի վրայ: Հացի յօրինուածքները յետոյ անցան տպագրական մամլիչէն եւ հացը հեռացուեցաւ՝ յայտնաբերելով տպագրութիւնը: Նուրբ, վաղանցիկ նախշերը կը նմանին մատնահետքերու կամ կնիքներու եւ կ'արձագանգեն Թորոնթոյի պիէնալէի վերնագիրը՝ «Անկայուն ուրախութիւններ»:
Ֆարուք նաեւ պատրաստեց պահպանուած հացէ քանդակներ. շրջանաձեւ տափահացերու երկու փագոտանման (hինտուական կամ բուդդայական տաճար կամ սրբազան շինութիւն) դէզեր եւ ուղղանկիւն կոյտ մը, որ ան կը կոչէ «գրադարան»:
Մինչ գործերը ներդրուած, դրոշմուած յիշողութեան գրադարաններ են, մեծ կախովի տեղադրութիւնը նաեւ տեսակ մը այլընտրանքային քարտէս մըն է Թորոնթոյի. սփիւռքեան թաղամասերու քաղաք մը՝ արտայայտուած կեանքի հացին գեղեցկութեան, փխրունութեան եւ շատ վաղանցիկ բնոյթին միջոցով:
Ֆարուք հրաւիրած է բոլոր տեղական հացթուխները, որոնց հետ բարեկամացած է, տափահացերու խնճոյքի մը, երկարելով խնճոյքի սեղան մը տեղադրութենէն դուրս եւ առաջարկելով համեղ համայնքայնութեան զգացում մը: ֎
***
Այս յօդուածը հրատարակուած է անգլերէնով՝ The Art Newspaper-ի մէջ, 31 հոկտեմբեր 2024-ին։ Թարգմանութիւնը իրականացուած է The Art Newspaper-ի եւ «Թորոնթոհայ» ամսագիրի համագործակցութեամբ։ Լուսանկարները` Թորոնթոյի պիենալէի: