168.am-ի տեղեկութիւններով՝ Երեւանի Էրեբունի ռազմական օդակայան վայրէջք կատարած է Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան օդանաւը՝ Հայաստան բերելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմաններու սահմանագծման եւ սահմանազատման յանձնաժողովի անդամները, իսկ յանձնաժողովի աշխատանքները պիտի ղեկավարէ Արցախի մէջ ՌԴ խաղաղապահ առաքելութեան նախկին ղեկավար՝ Ռուստամ Մուրատով։
Ըստ տեղեկութիւններուն՝ հանդիպում նախատեսուած է Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութենէն ներս։
Arevelk.am տեղեկութիւնը կը հրապարակէ որոշ վերապահութիւններով, նշելով նաեւ որ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքեց տեղեկութիւնը: