Հայաստանը առանց այդ աշխարհակարգի ընձեռած ապահովութեան շատ անյոյս վիճակի կրնայ մատնուիլ եւ գոյութենական ստոյգ վտանգի առջեւ գտնուիլ: Այս իրականութեան գիտակցումէն ետք, աւելի հասկնալի կը դառնայ Սրբազանին արտասանած եւ վերեւը յիշուած լոզունգներու ոչ միայն անիմաստ, այլեւ խիստ վտանգաւոր ըլլալը: Ատոնք մեր թշնամիներուն համար շահարկման առիթ պիտի ըլլան ընդդէմ մեր պետութեան, որ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով օրինական սահմաններով ճանչցուած պետութիւն է այլեւս:
Իսկ հիմա, մեզի օդի եւ ջուրի պէս խաղաղութիւն պէտք է եւ ոչ պատերազմ:
Քաղաքականութիւնը ինքնին թէ՛ արուեստ է թէ ակադեմական գիտութիւն: Քաղաքական գործիչին արտասանած ամէն մէկ բառը, պարզ զեղում չէ, այլ մտածուած եւ հաշուարկուած խօսք, որ կրնայ խոր ազդեցութիւն ունենալ հանրային կարծիքին վրայ, քաղաքականութիւն ձեւաւորել, նոյնիսկ պատմութեան ընթացքը փոխել։ Հետեւաբար գործիչին ամէն մէկ խօսքը պէտք է արտացոլացնէ հաւասարակշռուած եւ հետագայ քաղաքական գործունէութեան պատասխանատւութիւնը. իսկ ամէն մէկ սխալ արտայայտութիւն կրնայ ունենալ ճակատագրական հետեւանքներ, ըլլան անոնք ուղղուած ներքին լսարանին վրայ, միջազգային ատեաններուն կամ միջ-պետական դիւանագիտական բանակցութիւններուն ընթացքին: Ժողովրդավարական համակարգերու մէջ, բառերու ճիշդ օգտագործումը կրնայ հանրութիւնը յոյսով լեցնել, միասնականութիւն ստեղծել եւ անհրաժեշտ ու օգտակար փոփոխութիւններ իրականացնել, իսկ բառերու անզգոյշ օգտագործման պարագային՝ պառակտում, ճգնաժամ եւ վայրագութիւններու խթանում:
Հայաստանի մէջ վերջին տարիներուն մենք ականաես եղանք այդպիսի սխալ հռետորաբանութիւններու հետեւանքներուն, հակառակ որ անոնք անխուսափելիօրէն տեղի պիտի ունենային աւելի առարկայական պատճառներու բերումով: Թշնամին պատրաստուած էր տասնամեակներէ ի վեր այդ օրուան եւ կը սպասէր առիթի մը: Այդ առիթը եղաւ երբ վարչապետը Ստեփանակերտի մէջ յայտարարեց՝ «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ»:
Սահմանազատման եւ սահմանագծման աշխատանքները մեկնարկը տուին խորհրդարանական ընդիմութեան, իշխանութիւնը տապալելու ապարդիւն փորձերէն ետք, դիմելու վերջին հնարքին: Եկեղեցին դարձաւ ընդիմութեան մաս եւ Բագրատ Սրբազանը անոր ներկայացուցիչը եւ անհնազանդութեան գործողութիւններու եւ հրապարակային ելոյթներու առաջնորդը: Պէտք չկայ անդրադառնալու սրբազանին արտայայտած շատ բառերու անտեղիութեան, անոնք հասկնալիօրէն անհրաժեշտ են, գուցէ ամբոխները գրաւելու, սակայն կարելի չէ չարձագանքել այն սխալ եւ վտանգաւոր լոզունգներուն մասին, որոնք ծանր հետեւանքներ կրնան ունենալ երկրին որդեգրած նոր քաղաքականութեան վրայ եւ խափանել անոր բարեյաջող ընթացքը: Այդ լոզունգներէն են երկուքը. «Ոսկեպարից Ստեփանակերտ» եւ «Սահմանը այնտեղ է ուր հայ զինուորը կանգնած է», որ մեր այլ պատմական լոզունգի մը (սահմանք քաջաց զէնն իւրեանց) նորամոյծ տարբերակն է:
Այդ երկու լոզունգներուն օգտագործումը կը մատնէ սրբազանին բացարձակ անտեղեակութիւնը ոչ միայն քաղաքական գիտութեան նուրբ արուեստին, այլ նաեւ համաշխարհային պատմութեան հոլովոյթներուն:
Մարդկութեան վերջին չորս հազարամեակներու պատմութիւնը, գրեթէ միանշանակ, կայսրութիւններու պատմութիւնն է, սկսած Աքքատական, Սումերական, Պարսկական, Հռոմէական կայսրութիւններէն, մինչեւ Փորթուգալական, Ֆրանսական եւ Անգլիական կայսրութիւնները: Անոնց մէջ չկան տարածքներու վերջնական, ամրագրուած, սահմանազատուած եւ սահմանագծուած սահմաններ: Անոնք յարափոփոխ էին ու յարաբերակցած կայսրութեանց տուեալ պահին ունեցած ուժէն, ուրիշ ճակատներու վրայ արշաւանքներէն, ներքին խլրտումներէն, բնական աղետներէն եւայլն, նաեւ սահմնաններուն կեդրոնէն հեռաւորութեանց պատճառով: Ընդհանրապէս այդ հեռաւոր տարածքներուն վրայ ապրող ժողովուրդները սահմանակից ըլլալով հարեւան կայսրութեանց, տեւաբար զոհ կ՛երթային ասպատակումներու եւ ջարդերու: Դասական իմաստով կայսրութիւններու աւարտը կը հադիսանայ համաշխարհային երկրորդ պատերազմի վերջը: Անգլիական, Ֆրանսական եւ Իտալական կայսրութիւնները փլուզուելէ ետք, գաղութները տիրացան իրենց անկախութեան: Աշխարհը ունեցաւ երկու գերպետութիւններ, Ամերիկայի Միացալ Նահանգները եւ Սովետական Միութիւնը: Երկրորդին դէմ աշխարհը պաշտպանելու համար, Ամերիկան յանձն առաւ ազատ աշխարհը առնելու իր պաշտպանութեան տակ, Մարշալ ծրագրով մասնաւորաբար Եւրոպայի իր դաշնակիցները եւ նոյնիսկ արիւնաքամ Գերմանիան տնտեսապէս վերականգնեցնելու, որպէս պատուար Սովետական յառաջխաղացման: 1989ին, Պերլինի պատի փլուզմամբ, Սովետական Միութիւնը պիտի փլուզուէր: Աշխարհը պիտի դառնար միաբեւեռ ու թեւակոխէր պատմութեան մէջ աննախընթաց խաղաղ դարաշրջան մը: Ամերիկան յանձն առած էր ոստիկանի դերը ապահովելով աշխարհի բոլոր երկիրներու անկախութիւնը, ինքնիշխանութիւնը պետական սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը: Աւելին՝ համաշխարհային ծովային եւ ցամաքային ուղիները այլեւս ապահով էին թէ՛ դաշնակիցներուն թէ հակառակ ճամբարի պետութեանց համար: Մարդկութիւնը առաջին անգամ ըլլալով աննախադէպ բարեկեցութեան պիտի հասնէր համեմատած ամբողջ պատմութեան ընթացքին: Ամերիկեան բանակը եւ մանաւանդ անոր նաւատորմիղը որու հզօրութիւնը կը գերազանցէ աշխարհի միւս բոլոր պետութիւններու նաւատորմերը միասին հաշուած, երաշխաւորը պիտի ըլլար բոլոր երկիրներու ապահովութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան, ներառեալ ծովերէն զուրկ եւ մեկուսացուած պետութիւններուն: Ամերիկայի միջամտութիւնը վիեթնամեան պատերազմին առաւելաբար դաշնակիցներուն եւ փոքր երկիրներուն իր պատրաստակամութիւնը ցուցադրելու համար էր: Այս իրականութիւնը հիմնաւորելու համար թերեւս Իսրայէլի պարագան լաւագոյն փաստն է: Հակառակ հրէական ազդու լոպիին եւ նիւթական հզօրութեան, 1967ին արաբ-իսրայէլեան պատերազմին անոր յաղթանակին պատճառով սուրիական Կոլանի բարձրունքներուն (1500 քառ. քլմ.), պաղեստինեան Արեւմտեան ափին (5860 քառ.քլմ.) եւ Կազայի հատուածին (365 քառ.քլմ.) գրաւման, առ այսօր անոնք պաշտօնապէս չեն ճանչցուիր որպէս իսրայէլեան տարածքներ եւ չեն ներառուիր երկրի ընդհանուր տարածքին մաս: Իսրայէլի մակերեսը 22145 քառակուսի քիլոմեթր է առանց այդ երեք գրաւուած տարածքներուն:
Ամերիկայի այս քաղաքականութիւնը, երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան, աշխարհակարգի եւ ծովային եւ ցամաքային ճանապարհներու ապահովութեան հովանաւորութիւնը լաւագոյն եւ միակ երաշխիքն է երկիրներու սահմաններու անձեռմխելիութեան, ազատ տնտեսական մրցակցութեան, բարեկեցութեան եւ զարգացման: Լեռներու խառնարանին խուլ անկիւնի մը մէ՞ջ, հեռաւոր հիւսիսային բեւեռին մօ՞տ, ծովային ուղիներէն հեռո՞ւ, անհասանելի անապատներու խո՞րքը, միեւնոյնն է. մեզի հասանելի են աշխարհի ամէն կողմերու բարիքները: Այդ երաշխաւորութեան բացակայութեան պարագային, աշխարհը կը վերածուի անտառի եւ կը տնօրինուի ատոր օրէնքներով, ուր պատերազմները դադար պիտի չունենան, Եւրոպան պիտի վերադառնայ պատերազմներու օրրանի ինչպէս էր դարեր շարունակ, իսկ փոքր պետութիւնները ընդհանրապէս ջնջուին քարտէզէն:
Հայաստանը առանց այդ աշխարհակարգի ընձեռած ապահովութեան շատ անյոյս վիճակի կրնայ մատնուիլ եւ գոյութենական ստոյգ վտանգի առջեւ գտնուիլ: Այս իրականութեան գիտակցումէն ետք, աւելի հասկնալի կը դառնայ Սրբազանին արտասանած եւ վերեւը յիշուած լոզունգներու ոչ միայն անիմաստ, այլեւ խիստ վտանգաւոր ըլլալը: Ատոնք մեր թշնամիներուն համար շահարկման առիթ պիտի ըլլան ընդդէմ մեր պետութեան, որ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով օրինական սահմաններով ճանչցուած պետութիւն է այլեւս:
Իսկ հիմա, մեզի օդի եւ ջուրի պէս խաղաղութիւն պէտք է եւ ոչ պատերազմ:
Աւօ Պօղոսեան