Վրաստանի նախկին նախագահ 7 Օդեսայի նահանգապետ Միխաիլ Սահակաշվիլին Ուքրանիոյ կոչ ըրած է պատրաստուելու Մարիուպոլի եւ Խերսոնի կորուստին, որոնք, իր կարծիքով, պիտի գրաւէ Ռուսաստանը: Այս մասին ան յայտարարած է «Ուքրանիա» հեռուստաալիքի եթերէն, կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոստի»-ն ։
Ան ընդգծած է, որ Մոսկուան պէտք է անպայման վերահսկէ այդ քաղաքները, որպէսզի Ղրիմը ջուր մատակարարէ եւ տարածաշրջանին մէջ բարելաւէ բանակավարութիւնը (լոճիսթիքան): Սահակաշվիլին կը կասկածի, որ Ռուսաստանն արդէն ռազմական գործողութիւններ կը նախապատրաստէ տարածքներ գրաւելու համար։