image

Ռուսիան ծանր խնդիրներ ունի Լաչինի միջանցքին մէջ. Զատուլին

Ռուսիան ծանր խնդիրներ ունի Լաչինի միջանցքին մէջ. Զատուլին

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Լաչինի միջանցքի ապաշրջափակմանն ուղղուած վճռական գործողութիւնները կրնան յանգեցնել արիւնահեղութեան, իսկ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնը ռուս խաղաղապահներու փաստացի անգործութեան մասին չի թեթեւացներ Մոսկուայի՝ ճգնաժամը լուծելու խնդիրը։ Այս մասին «Վետոմոսթիին» տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Տումայի ԱՊՀ գործերով, եւրասիական համարկման եւ հայրենակիցներու հետ կապերու կոմիտէի նախագահ՝ Կոնսթանթին Զատուլինը («Ետինայա Ռոսիա»):

«Ատրպէյճանի այս գործողութիւնը, ի հարկէ, կը վարկաբեկէ Ռուսիոյ խաղաղապահ առաքելութիւնը։ Բայց մինչ այժմ խաղաղապահներու մանթատը համաձայնեցուած չէ։ Անոնք տեղակայուած են շտապ կարգով։ Իսկ մանթատը միտումնաւոր համաձայնեցուած չէ, գլխաւորապէս, Ատրպէյճանի նախաձեռնութեամբ։ Հասկնալի է, որ Լաչինի միջանցքի ապաշրջափակման հարցով վճռական գործողութիւնները կրնան յանգեցնել արիւնահեղութեան, որմէ Ռուսիա կ'ուզէ խուսափիլ։ Մենք շատ բարդ խնդիր ունինք, որ պարոն Փաշինեանը ոչ մէկ կերպ կը թեթեւցնէ»,-ըսած է Զատուլին։

Յիշեցնենք, որ հոկտեմբերին Հայաստանի իշխանութիւնները Զատուլիի այցը անցանկալի անուանած են։