Ռուսիան Միացեալ Նահանգներուն ծանուցած է իր միջուկային ուժերու ամենամեայ ծրագրուած զօրավարժութիւններու կայացման մասին: Այս մասին յայտնած է Ճօ Պայտընի վարչակազմը։ Այս քայլը, ըստ Ուաշինկթընի պաշտօնեաներու, կը նուազեցնէ սխալ հաշուարկներու վտանգը ռուսական միջուկային «անպատասխանատու» հռետորաբանութեան ֆոնին, գրած է golosameriki.com-ը:
Միացեալ Նահանգները կ'ակնկալէ, որ Ռուսիա հրթիռներ արձակէ իր ամենամեայ «Կայծակ» ռազմավարական միջուկային զօրավարժութիւններու ընթացքին՝ նշելով, որ Մոսկուան նախապէս «Կայծակ» զօրավարժութիւններու ընթացքին միջմայրցամաքային պալիսթիք հրթիռներ արձակած է:
Նոր Սպառազինութիւններու վերահսկման պարտաւորութիւններու կատարման պայմանագրի համաձայն՝ Ռուսիա պարտաւոր է Ուաշինկթընին նախապէս ծանուցել պալիսթիք հրթիռներու արձակման մասին, ըսած է Փենթակոնը։