image

Ռուսաստանի դէմ նոր պատիժնե՞ր

Ռուսաստանի դէմ նոր պատիժնե՞ր

Ամերիկեան երկու կուսակցութիւններէն ութ ծերակուտականներ հանդիպած են` քննարկելու Ռուսաստանի դէմ պատժամիջոցներու մասին օրինագիծը, որ ուղղուած է աջակցելու ԱՄՆ-ի ջանքերուն` Ռուսաստանը Ուքրանիա ներխուժելէ զսպելու համար:

Չորս դեմոկրատներու եւ չորս հանրապետականներու միջեւ բանակցութիւնները վերաբեածլ են դեմոկրատ ծերակուտականի եւ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Պոպ Մենենտեսի առաջարկած օրինագիծին` «բոլոր պատժամիջոցներու մայրը»: Օրինագիծը կը ներառէ շարք մը խիստ ֆինանսական պատժամիջոցներ, որոնք ուժի մէջ կը մտնեն Ուքրանիա Ռուսաստանի ներխուժումէն յետոյ: 

Հանրապետականները կը փափաքին, որ որոշ քայլեր ձեռնարկուին նախքան ներխուժումը: Հանրապետականներու դիմադրութիւնը Մենենտեսի օրինագիծի ներկայ տարբերակին՝ ստիպած է անոր վերանայիլ բնագիրը, որպէսզի կարենայ ստանալ տասը հանրապետականներու աջակցութիւնը, որոնք անհրաժեշտ են Գոնկրէսի Վերին պալատին մէջ արգելափակումը յաղթահարելու համար:

Մենենտեսի նախագիծին մէջ փոփոխութիւնները կը ներառեն Ուքրանիոյ անվտանգութեան աւելի մեծ օգնութիւն տրամադրելը եւ ռուսական քարոզչութեանը հակազդելը, ինչպէս նաեւ նախագահ Պայտընին անյապաղ պատժամիջոցներ կիրառելու լիազօրութիւն: Թարմացուած օրինագիծը նախագահին հնարաւորութիւն պիտի տայ նաեւ չեղարկելու պատժամիջոցները: