Ռազմական գործողութեան մեկնարկէն մինչ օրս Ռուսաստանի զինուած ուժերը Ուքրանիոյ մէջ ոչնչացուցած են 1325 ռազմական կառոյց: Այս մասին յայտնած է ՌԴ Պաղտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Իկոր Քոնաշենքովը:
Երկուշաբթի յայտնի դարձած էր 1146 ռազմական կառոյցի ոչնչացման մասին: Մէկ գիշերուայ ընթացքին ռուս զինուորականները ոչնչացբւցած են 180 ռազմական կառոյց:
«ՌԴ զինուած ուժերու կողմէ Ուքրանիոյ մէջ խոցուած է 1325 ռազմական ենթակառուցուածք: Անոնցմէ 43-ը Ուքրանիոյ զինուած ուժերու կառավարման կէտեր են եւ կապի հանգոյցներ», ըսած է Քոնաշենքովը:
Զօրավարը յայտնած է նաեւ, որ ոչնչացուած է 395 հրասայլ եւ այլ զրահամեքենաներ, 59 հրթիռային համակարգեր, 179 գնդացիր, 286 միաւոր ռազմական յատուկ փոխադրական միջոց: