image

Ռուս-իրանեան մրցակցութիւնը դէպի ո՞ւր. Al Monitor-ի անդրադարձը

Ռուս-իրանեան մրցակցութիւնը դէպի ո՞ւր. Al Monitor-ի անդրադարձը

Միջին Արեւելքի տարածաշրջանի իրադարձություններուն անդրադարձող «Ալ-Մոնիթոր» ամերիկեան պարբերականը վերլուծած է Իրան-Ռուսաստան յարաբերութիւնները՝ անդրադառնալով Հարաւային Կովկասի մէջ անոնց համագործակցութեան հեռանկարներուն:

Պարբերականը անդրադարձած է 5 Հոկտեմբերին Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հըսէյն Ամիր Ապտըլ Լահիանի՝ Մոսկուա կատարած այցին, որու ընթացքին իր ռուս գործընկերոջ՝ Սերկէյ Լաւրովի հետ քննարկած է տարածաշրջանային խնդիրներու լուծման ուղղուած «3+3» ձեւաչափի ստեղծումը, որ պիտի ներառէ Ատրպէյճանը, Հայաստանը, Վրաստանը, Իրանը, Ռուսաստանը եւ Թուրքիան:

«Մոսկուայի մէջ իրանցի դիւանագէտը անդրադարձած է նաեւ Պաքուի հետ յարաբերութիւններուն մէջ առկայ խնդիրներուն՝ շեշտադրելով Ատրպէյճանի գործարքները Իսրայէլի հետ: Լաւրովը, իր հերթին, յստակացուցած է, որ Ռուսաստանը դէմ է «Հարաւային Կովկասի մէջ «ռազմական ախշուժութեան» եւ «սադրիչ զօրավարժութիւններուն»», կը գրէ յօդուածագիրը՝ մատնանշելով, որ Իրանը վերջերս զօրավարժութիւններ կը կատարէ Ատրպէյճանի հետ սահմանին՝ տարատեսակ սպառազինման ներգրաւմամբ:

Աղբիւրը կը յիշեցնէ նաեւ, որ Ատրպէյճանն ու Թուրքիան եւս համատեղ զօրավարժութիւններ կատարած են Սեպտեմբերին, Լեռնային Ղարաբաղի Քաշաթաղ շրջանին մէջ՝ Պաքուի եւ Թեհրանի միջեւ լարուածութեան սրման լոյսին տակ:

«Ընդհանուր առմամբ, Մոսկուայի համար հակասութիւնները Թեհրանի հետ կրնան շատ աւելի զգայուն ըլլալ, քան վիճաբանութիւնները Անգարայի հետ: Ռուսաստանն ու Թուրքիան կը լրացնեն դատարկութիւնը Միջին Արեւելքի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ՝ միմեանց ազդեցութեան գօտիներու նկատմամբ ոտնձգութիւններ չընելով, այլ միայն բաժնելով զանոնք (ինչպէս այդ տեղի ունեցած է Իտլիպի կամ Լիպիոյ մէջ): Իրանը, միւս կողմէ, կրնայ փորձել Ռուսաստանը դուրս մղել այնտեղէն, ուր արդէն իսկ հաստատուած է՝ ըլլայ այդ Սուրիան կամ Հայաստանը: Իրանը Ռուսաստանի հետ կրնայ ընդհարիլ նաեւ Աֆղանիստանի մէջ ազդեցութիւն հաստատելու հարցով», կը գրէ հեղինակը: