image

ՌԱԿ-ը եւ վերականգնումի հրամայականը

ՌԱԿ-ը եւ վերականգնումի հրամայականը

Ու այդ վերանորոգչական ճիգերն են, որ նորահաս սերունդները դարձեալ պիտի մօտեցնեն այդ կուսակցութիւններու իրական հնոցներուն։

Այսօր եթէ գոյութիւն ունի ՌԱԿ-ի հանդէպ յարգանքի եւ ջերմութեան զգացում, ի մասնաւորի նոր սերունդներուն կողմէ, ապա այդ յարգանքը նախնիներէն, ընտանիքէն եւ մերձաւորներէն իրենց փոխանցուած աւանդի, ժառանգութեան մը արգասիքն է։ 

Ու այդ արգասիքը օր մը կրնայ հալիլ երթալ, եթէ նոր օրուայ երիտասարդ-երիտասարդուհիները հաւատք մը, ճիգ մը եւ երազի ցոլք մը չտեսնեն աւանդականութեան պարոյրներուն մէջ մեծ հարցականներով «պաշարուած» կուսակցութիւններուն եւ յատկապէս ՌԱԿ-ի այսօրուան խորապատկերին մէջ։

Հետեւաբար, այսօրուան վէճերը, տարաձայնութիւնները եւ բոլոր մակարդակի թշնամութիւնները չեն ծառայէր որ կուսակցութիւնը իր յոգնաբեկ մարմնին վրայէն թօթափէ անցեալի փոշին ու նոր հաւատամքով մտնելու այսօրուայ աշխարհ։ Ու ատոր համար է, որ առաջնային կը հանդիսանայ այն մօտեցումԸ, որ ցանկացած կազմակերպութեան վերանորոգումի միտուած փորձերուն մէջ էական դեր պէտք է տրուի նորահաս սերունդին։

 

 

Օրերս ՌԱԿ-ի կարեւորագոյն ամպիոններէն համարուող «Պայքար» շաբաթաթերթը կը հրապարակէր Ռ.Ա.Կ.-ի «Միասնականութեան Պահը Հնչած Է Արդէն» վերտառութեամբ կոչ մը (որուն տակ ալ իրենց ստորագրութիւնը դրած են կուսակցութեան պատասխանատու դիրքերու եղած խումբ մը հեղինակաւոր ղեկավարներ) ուր ազդանշանը կը տրուի կուսակցութիւնը ի մի բերելու նոր գործընթացի։

Հրապարակումը պատահական չէ, եթէ մեծապէս հաշուի առնենք, որ այդ կուսակցութեան միւս ու արիւն տուողը հիմնականին մէջ անոր մտաւորական ընտարանին է, որ վերջին ժամանակներուն ալ քուն ու դադար չունեցաւ մասնակից դառնալու կուսակցութիւնը միաւորելու եւ ի մի բերելու աշխատանքներուն։

Տարբեր առիթներով «Արեւելք» անդրադարձած է Սփիւռքով մէջ երկարամեայ աւանդ ունեցող Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան մէջ ընթացող խմորումներուն, ներկայացնելով ոչ թէ կուսակցութեան ներսը տեղի ունեցող եւ «սքանտալային»ի սահմանները հատող «զարգացումներ»ը, այլ մանաւանդ միաւորման ուղղուած երեւելի ճիգերը։

Մեզի համար, որպէս սփիւռքի անցուդարձերը ներկայացնող հարթակ էական կը շարունակէ մնալ այն, որ հայաշխարհի մէջ իրենց յարգելի դերն ու դիրքը ունեցող ազգային-աւանդական կուսակցութիւնները, որոնց շարքին եւ ի մասնաւորի՝ ՌԱԿ-ը բռնեն միասնականութեան ճամբան ու այդպիսով ալ շարունակեն իրենց դարաւոր երթը։

Այս առումով ալ այսօր ո՞վ չի գիտեր, որ սփիւռքով մէկ կառոյցներ ունեցող ՌԱԿ-ը կ՚ապրին բաւականին դժուարին ժամանակներ։

Մէկ կողմէ սերնդափոխութեան հարցը, միւս կողմէ նոր ժամանակներով պայմանաւորուած հիմնախնդիրները մեր կուսակցութիւնները դրած են անվարան եւ արագ բարեփոխումներ իրականացնելու հրամայականին առջեւ։

Ու այդ վերանորոգչական ճիգերն են, որ նորահաս սերունդները դարձեալ պիտի մօտեցնեն այդ կուսակցութիւններու իրական հնոցներուն։

Այսօր եթէ գոյութիւն ունի ՌԱԿ-ի հանդէպ յարգանքի եւ ջերմութեան զգացում, ի մասնաւորի նոր սերունդներուն կողմէ, ապա այդ յարգանքը նախնիներէն, ընտանիքէն եւ մերձաւորներէն իրենց փոխանցուած աւանդի, ժառանգութեան մը արգասիքն է։ 

Ու այդ արգասիքը օր մը կրնայ հալիլ երթալ, եթէ նոր օրուայ երիտասարդ-երիտասարդուհիները հաւատք մը, ճիգ մը եւ երազի ցոլք մը չտեսնեն աւանդականութեան պարոյրներուն մէջ մեծ հարցականներով «պաշարուած» կուսակցութիւններուն եւ յատկապէս ՌԱԿ-ի այսօրուան խորապատկերին մէջ։

Հետեւաբար, այսօրուան վէճերը, տարաձայնութիւնները եւ բոլոր մակարդակի թշնամութիւնները չեն ծառայէր որ կուսակցութիւնը իր յոգնաբեկ մարմնին վրայէն թօթափէ անցեալի փոշին ու նոր հաւատամքով մտնելու այսօրուայ աշխարհ։ Ու ատոր համար է, որ առաջնային կը հանդիսանայ այն մօտեցումԸ, որ ցանկացած կազմակերպութեան վերանորոգումի միտուած փորձերուն մէջ էական դեր պէտք է տրուի նորահաս սերունդին։

Սերունդ, որ չունի հինէն եկած հաշիւներ ու ոխեր եւ սերունդ, որուն համար էականը կուսակցութեան գաղափարական ընթացքներու վերաշարադրումը պիտի ըլլայ, կը կարողանայ դարձեալ աւազներուն մէջ խրուած դարաւոր կուսակցութեան սայլը տեղէն շարժել։

Ու եթէ այդ պատահի, մենք բոլորս ականատես կրնանք դառնալ նոր ապրումի մը, նոր յոյսերու կուտակումի մը, որուն մէջ արդէն երկրորդական կը դառնայ, թէ որ կողմին մօտ կը գտնուի կուսակցութեան վսեմական դրօշն ու օրինականութեան իրական կնիքը։

Այսօր ՌԱԿ-ի համար առաջնորդողը անոր ներհուն եւ մեծ փորձառութեամբ զինուած իրական մտաւորականութիւնն է, որ գիտէ ճիշդին ճիշդ եւ սխալին սխալ ըսել, կը շարժի այդ ոգիով, կը գործէ այդ նախանձախնդրութեամբ, հետեւաբար նաեւ կարողութիւնը ունի իր մէջ առնելու այս խոշոր կուսակցութեան բոլոր մակարդակի երիտասարդ ու արի ձայները։

Այս մտածումներն անշուշտ տեղ կը գտնեն, մարմին կը ստանան կարդալէ ետք ՌԱԿ-ի վերամիացման մասին վերջերս լոյս տեսած յայտարարութիւնը, որ ապահովաբար ունի բոլոր տուեալները իրական միացման գաղափարական նոր «ճանապարհային քարտէզ» մը դառնալու համար։ 

Կը մնանք յոյսով եւ սպասումով, որպէսզի հայաշխարհին մէջ իր կենսական դերն ու տեղը վաստակած ՌԱԿ-ը ՝ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը դարձեալ շնչէ ու դարձեալ գործէ, յանուն այն վեհ սկզբունքներուն եւ շնորհիւ այն վեհ ու մեծատառով նուիրեալներուն, որոնց ճիգերով ալ ոտքի ելաւ մեր օրերէն ճիշդ դար մը առաջ։

 

 «ԱՐԵՒԵԼՔ»