Թուրքիոյ ընդդիմութեան նախագահի թեկնածու Քեմալ Քըլըչտարօղլուի ներկայացուցած Թուրքիա–Չինաստան ճանապարհի քարտէզը մեծ աղմուկ բարձրացուցած է Ատրպէյճանի մէջ եւ Թուրքիոյ ազգայնականներու մօտ։
Քեմալ Քըլըչտարօղլուն ներկայացուցած է նախընտրական ծրագիրներէն մէկը, որ կ'ենթադրէ արագ հաղորդակցութիւն Թուրքիոյ եւ Չինաստանի միջեւ, որու ճանապարհը պիտի անցնի Իրանով եւ միջին Ասիոյ թրքալեզու հանրապետութիւններու մօտով։
Սակայն այս քարտէզը մեծ աղմուկ բարձրացուցած է Ատրպէյճանի մէջ, քանի որ քարտէզով անցնող ճանապարհը կը շրջանցէ Ատրպէյճանը եւ թուրք ազգայնականներու ու Ատրպէյճանի երազանք «Զանգեզուրի միջանցք»–ը կը բացակայի քարտէզէն։
Պաքուի մէջ յայտարարած են, թէ Քըլըչտարօղլուն կ'անտեսէ Ատրպէյճանը եւ Հայաստանի օգտին քարտէզը կազմած է ։