Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի երիտասարդ եւ ժրաջան միաբաններէն, Հայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ եպս. Պարսամեան օրերս կատարած է շահեկան եւ քրիստոնէական ընկալումներով առլցուն գրառում մը։
Ստորեւ անգլերէն բնագրէն հայերէնի վերածելով գրառումը զայն կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներու ուշադրութեան։
«Գիշեր մը, մարդ մը ինքնաշարժով կ’երթար մութ, միայնակ մայրուղիով։ Ուշ էր, եւ ոչ ոք կ’երեւէր: Յանկարծ ուժեղ թրմփոց մը լսեց: Զարմացած մօտեցաւ եւ ճամբեզրին տեսաւ կերպար մը։ Ընկալեց, որ սխալմամբ հարուածած է ճամբուն մօտ կանգնած ճանապարհորդ մը: Վախը պատեց սիրտը։ Ան ուզեց ցատկել ինքնաշարժին մէջ ու քշել-երթալ:
Բայց երբ շրջեցաւ, որպէսզի ինքնաշարժ նստի, լսեց թոյլ, յուսահատ ձայն մը: Վիրաւոր տղամարդը շշնջաց. «Ի սէր Աստծոյ, օգնէ ինձ»: Վարորդը դիմադրեց վախի գայթակղութեան եւ վերադարձաւ օգնելու: Ընկերներ, մենք ամէն օր կ’երթանք կեանքի ճանապարհով, եւ կան պահեր, երբ պէտք է որոշումներ կայացնենք:
Մենք յաճախ դէմ յանդիման կը գտնուինք գայթակղութիւններու, վախերու եւ կասկածներու: Կը լսենք շշուկներ, որ կ’ըսեն. «Լաւ է հեռանալ: Լաւ է աչք փակել»: Բայց մեր հոգիին խորը կը լսենք նաեւ այդ հանդարտ, փոքր ձայնը՝ «Աստուծոյ սիրոյ համար, ճիշդը կատարէ»։ Բ Կորնթացիս 5։14-ը կ’ըսէ. «Քանի որ Քրիստոսի սէրը մեզ կը մղէ»։ Այդ կը նշանակէ, որ ան մեզ առաջ կը մղէ: Ան պարզապէս զգացում մը չէ, այլ ուժ է: Ան այն սէրն է, որ կը մղէ ձեզ կանգնեցնելու ինքնաշարժը մութ ճամբու եզերքին եւ օգնելու անծանօթին:
Այդ այն սէրն է, որ ձեզ կը մղէ յաղթահարելու ձեր վախերը, անապահովութեան զգացումը եւ անցնելու ձեր յարմարաւէտութեան սահմանը՝ ընելու համար այն, ինչ որ ճիշդ է: Աշխարհը մեզի կ’ըսէ, որ մենք մեզի նայինք եւ մեր սեփական շահերը պաշտպանենք: Բայց Աստուծոյ սէրը մեզի այլ բան կ’ըսէ. Ան կ’ըսէ. «Օգնէ դրացիիդ: Ձեռք երկարէ անոր. կարեկցանք, սէր ցոյց տուր անոր, նոյնիսկ երբ պահը յարմար չէ»: Բոլորս ընտրութիւն ունինք: Կրնանք հեռանալ կամ առաջ երթալ:
Կրնանք ընտրել ապրիլ մեզի համար, կամ ապրիլ Աստուծոյ սիրոյ համար: Ուրեմն, երբ երբ երկմտանքի պահեր ապրիք, երբ հեշտ ճանապարհով երթալու գայթակղութիւնը ուժեղ է, յիշեցէք Քրիստոսի սէրը։ Այդ այն սէրն է, որ աւելի մեծ է, քան ձեր վախերը: Այդ այն սէրն է, որ աւելի ուժեղ է, քան որեւէ արդարացում: Այդ այն սէրն է, որ մեզ կը մղէ գործելու»։