Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան (PKK) ղեկավարութիւնը յայտարարած է, որ իր զինուած ուժերը դուրս կը բերէ Թուրքիայէն եւ կը տեղափոխէ դէպի Հիւսիսային Իրաք։ Յայտարարութիւնը տարածած է կուսակցութեան առընթեր ANF լրատուական գործակալութիւնը։
Յայտարարութեան մէջ շեշտուած է, որ այդ քայլը ձեռնարկուած է Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան եւ Թուրքիոյ կառավարութեան միջեւ խաղաղութեան գործընթացի ծիրէն ներս։ Այն նաեւ կոչ ըրած է Անգարայի կառավարութեան, որ կատարէ խաղաղութեան համաձայնագրի իր մասը եւ ընդունի քիւրտերու համարկման մասին օրէնքները։
Թուրքիոյ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութիւնը (AKP) ողջունած է Թուրքիայէն PKK-ի զինուած ուժերու դուրսբերման մասին յայտարարութիւնը՝ զայն համարելով «ահաբեկչութեան դէմ պայքարի մէջ կարեւոր փուլ»։
Մայիսին PKK-ի ղեկավարութիւնը յայտարարած էր կուսակցութեան կազմակերպչական կառուցուածքը լուծարելու եւ «զինուած պայքարի մեթոտներու կիրառումը դադրեցնելու» որոշման մասին՝ համաձայն ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած կուսակցութեան առաջնորդ Ապտուլլա Օճալանի կոչին։ Յուլիսին PKK-ն սկսած էր զինաթափման գործընթացը։