image

Քիեւի մէջ պայթումներ որոտացած են

Քիեւի մէջ պայթումներ որոտացած են

Քիեւի մէջ պայթումներ որոտացած են։ Այս մասին յայտնած են ուքրանական լրատուամիջոցները։

«Strana» թելեկրամեան ալիքի հաղորդմամբ՝ նախ հզօր պայթումի ձայն լսուած է, որմէ յետոյ սկսած է ծուխի սիւն բարձրանալ։ Օդային տագնապ, սակայն, չէ յայտարարուած։

Աղբիւրի հաղորդմամբ՝ առաջին պայթումէն յետոյ շարունակուած են պայթումներու ձայներ լսուիլ։ Համացանցով յայտնուած տեսանիւթերէն պարզ կը դառնայ, որ ինչ որ բան կը շարունակուի պայթիլ նոյնիսկ ծուխի հսկայական սիւնը բարձրանալէն յետոյ։

Աւելի ուշ Քիեւի քաղաքապետ Վիթալի Քլիչքօ արձագանգած է պայթումներու վերաբերեալ լուրերուն՝ յայտնելով, որ անոնք տեղի ունեցած են մայրաքաղաքի Քոլցեվաեա փողոցի շրջանի՝ արդիւնաբերական գօտիին մէջ։