Օրերս Մեծի Տանն Կիլիկոյ Միաբանութեան երիտասարդ եւ խոստմնալից անդամներէն՝ Հոգշ. Տ. Եսայի աբղ. Էօրտէքեան նշանակուած է Քեսապի Հոգեւոր Տեսուչ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Բերիոյ Թեմի դիմատետրեան էջէն։
Կը նշուի նաեւ, որ հայր սուրբի նշանակումը եղած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ։
Ի դէպ այս նշանակումը կը կատարուի եւ հայր սուրբը կը փոխարինէ անցնող երեք տարիներուն Քեսապի մէջ հոգեւոր տեսուչի պատշտօնը բարձր առաքելութեամբ կատարած Հոգշ. Տ. Անդրանիկ վրդ. Քիւրիմեանին, որ մեկնած է Անթիլիաս եւ կը պատրաստուի ստանձնել իր նոր պաշտօնը ( Հոգշ. Տ. Անդրանիկ վրդ.ի ողջերթի հանդիպումներուն տակաւին կ՚անդրադառնանք)։
Նոյն առումով Բերիոյ թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար եպս. Աշքարեան նորանշանակ տեսուչ հայր սուրբին իր օրհնութիւնները տուած է ու հայր սուրբին մաղթած բեղուն առաքելութիւն։
Հակառակ բազմապիսի դժուարութիւններուն Քեսապը կը շարունակէ իր երթը դառնալով համայն հայութեան քարտէզի մէջ իր ուրոյն տեղն ու դերը ունեցող հայկական պատմական եզերք մը։