ՀՀ Քննչական կոմիտէի Երեւան քաղաքի քննչական վարչութեան Քանաքեռ-Զէյթուն վարչական շրջանի քննչական բաժնին մէջ իրականացուած քննչական եւ դատավարական այլ գործողութիւններու, ինչպէս նաեւ ՀՀ ոստիկանութեան կողմէ ձեռնարկուած համապատասխան միջոցառումներու հետեւանքով պարզուած է ենթադրեալ յանցագործութիւն կատարած անձերու ինքնութիւնը. 4 անձ ձերբակալուած է:
Յիշեցնենք, որ 2021-ի Նոյեմբեր 11-ին 4 անձ, հրազենային տարբեր մարմնական վնասուածքներով, բժշկական օգնութեան համար ընդունուած է Երեւան քաղաքի «Հերացի» թիւ 1 համալսարանական հիւանդանոց եւ «Միքայէլեան» վիրաբուժութեան հիմնարկ: Անոնցմէ երկուքը, գիտակցութեան չգալով, մահացած են:
Ձեռնարկուած միջոցառումներով պարզուած է, որ վերը նշուած բոլոր անձերը հրազենային վնասուածքները ստացած են Երեւան քաղաքի Քանաքեռի 16-րդ փողոցի տուներէն մէկուն բակին մէջ տեղի ունեցած միջադէպին ժամանակ:
Կատարուած դէպքի վայրի զննութեամբ յայտնաբերուած է եւս երկու տղամարդու դի, ինչպէս նաև՝ 28 հատ տարբեր տրամաչափի պարկուճ, 12 գնդակ, 4 ատրճանակ եւ 2 ինքնաձիգ:
Կը կատարուին քննչական եւ դատավարական այլ գործողութիւններ՝ դէպքի բոլոր հանգամանքներու ուղղութեամբ: