Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած է Փաշինեան-Մաքրոն-Ալիեւ հանդիպում։
Հանդիպումը եղած է Ֆրանսայի նախագահ Էմաննուէլ Մաքրոնի նախաձեռնութեամբ։
Հանդիպման մանրամասնութիւններուն մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն հաղորդուած է, իսկ լուրը տարածուած է ՀՀ կառավարութեան պաշտօնական կայքին ճամբով։