image

PKK-ի Զինեալներ Յարձակած Են AKP Կուսակցութեան Տիարպէքիրի Կեդրոնատեղին Վրայ

PKK-ի Զինեալներ  Յարձակած Են  AKP Կուսակցութեան  Տիարպէքիրի Կեդրոնատեղին  Վրայ

Թուրքիա-     PKK-ի զինեալներ  յարձակում գործած են  AKP     կուսակցութեան Տիարպէքիրի կեդրոնատեղիին վրայ:    Այս մասին լուրը  տրուած է   Daily Sabah-ին կողմէ, որ նաեւ կը հաղորդէ, որ PKK-ի զինեալները  պայթուցիկ  ռումբեր նետած են      իշխող   AKP կուսակցութեան գլխաւոր կեդրոնին առջեւ  կանգնած  ջրցան   մեքենային վրայ:  Առաջացած հրդեհին հետեւանքով     մեքենայի  վարորդը    վիրաւորուած է եւ փոխադրուած հիւանդանոց:   Թերթը նաեւ կը գրէ, որ   ապահովական  մարմիններ լայնածաւալ գործողութիւններու եւ ձերբակալութիւններ կատարած են քաղաքին մէջ: Իրավիճակը կը մնայ լարուած: