2030 թուականի համար ՄԱԿ-ի սահմանած կայուն զարգացման նպատակները չեն իրականացուիր՝ Ուքրանիոյ հակամարտութեան պատճառով։ Յայտարարած է Microsoft-ի հիմնադիր, միլիառատէր Պիլ Կէյթսը Աւստրալիոյ Լոուի հիմնարկին մէջ։
«Այն նպատակներուն, այսպէս կոչուած, «կայուն զարգացման նպատակներ», որոնք ՄԱԿ-ը դրած է 2030 թուականի համար, մենք չենք հասնիր»,- կը կարծէ Կէյթսը։
Ան ընդգծած է, որ նշուած նպատակները իրատեսական են, եւ որ հակամարտութիւնը կ'աւարտի, բայց սննդամթերքի, պարարտանիւթերու թանկացումները կը յանգեցնեն նոյն թուով մարդոց մահուան ինչպէս Ուքրանիոյ սահմաններէն դուրս, այնպէս ալ Ուքրանիոյ մէջ։