«Հայ-ատրպէյճանական սահմանի վերջին փոխհրաձգութիւնները կը վկայեն, որ իրավիճակը այնտեղ դեռ վերջնականապէս հանդարտած չէ։ Ռուս խաղաղապահներու առաքելութիւնը՝ որպէս հրադադարի ռեժիմի պահպանման եւ խաղաղ բնակչութեան անվտանգութիւնը ապահովելու երաշխաւոր, չափազանց կարեւոր է», - յայտարարած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը։
Խօսելով տարաձայնութիւնները հարթելու մասին՝ Փութին ըսած է, թէ «այսօր կը մեծնայ ռուս դիւանագիտութեան դերը՝ վիճելի հարցերու կարգաւորման, տնտեսական կապերու, կենսական նշանակութեան փոխադրային միջանցքներու ապաշրջափակման հարցերով»։ «Իմ կարծիքով, կարգաւորման հեռանկարները վատ չեն։ Իրականութեան մէջ տարածաշրջանի բոլոր երկիրները շահագրգռուած են այս հարցերու երկարաժամկէտ լուծումը գտնելու հարցով», - ըսած է Ռուսաստանի նախագահը։
Աւելի վաղ՝ այսօր առաւօտեան, Հայաստանի վարչապետը յայտարարած էր, թէ Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը սահմանազատման ու սահմանագծման նախապատրաստական փուլի վերաբերեալ առաջարկներ ներկայացուցած է։ Փաշինեան մանրամասնութիւներ չէր յայտնած, միայն ըսած էր, որ ռուսական կողմի առաջարկութիւնը ընդունելի է Հայաստանի համար։