ՌԴ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով յայտարարած է, որ չի կարծեր, որ Թուրքիան կը փորձէ նոր Օսմանեան կայսրութիւն ստեղծել։
«Նոր Օսմանեան կայսրութիւն. նման բան չկայ, համաձայն չեմ ձեզի հետ», նկատած է ան՝ RTVI-ի հետ հարցազրոյցին մեկնաբանելով հաղորդավարուհի՝ Թինա Քանտելաքիի՝ «Օսմանեան կայսրութեան նոր տարբերակ» արտայայտութիւնը։
Քրեմլինի խօսնակը աւելցուցած է, որ Թուրքիոյ մէջ, այնուհանդերձ, «բաւականին տարածուած է թրքական աշխարհի հոգեւոր միասնութեան գաղափարը»։ «Իսկապէս, գոյութիւն ունի թրքական աշխարհի մշակութային, պատմական ընդհանրութիւն։ Կեդրոնական Ասիոյ պետութիւնները, նոյնիսկ Ռուսաստանի Դաշնութեան մեր հանրապետութիւնները՝ թաթարները, պաշքիրները, այո, անոնք ընդհանուր պատմութիւն ունին թուրքերուն հետ՝ լեզուական պատմութիւն, մշակութային եւ ընդհանուր աւանդոյթներ։ Ուստի անոր մէջ վատ բան չկայ», ըսած է Փեսքով, ըստ ԹԱՍՍ-ին։
Փեսքովի խօսքով՝ Թուրքիոյ մէջ կան նաեւ ազգայնական ուժեր, որոնք կը ցանկան մշակութային հարազատութիւնն ու միասնութիւնը վերածել աւելիին։ «Սակայն, փառք Աստծոյ, այդ ազգայնականները այնքան ալ շատ չեն, անոնք մեծամասնութիւն չեն կազմեր, թէեւ կը շարունակեն պնդել «Մեծ Թուրան» ստեղծելու իրենց գաղափարը։ Անոնք չեն ըսեր «Օսմանեան կայսրութիւն», կ'ըսեն «Մեծ Թուրան», պարզաբանած է ՌԴ նախագահի մամլոյ քարտուղարը։ Միեւնոյն ժամանակ, ան նշած է, որ ազգայնականներ «կան ամենուր, այդ, որպէս կանոն, կայուն եզր է իւրաքանչիւր պետութեան քաղաքական ասպարէզին մէջ», սակայն գործող իշխանութիւնները սովորաբար կը զսպեն զանոնք։