image

Փաշինեան-Ղարիպաշվիլի քննարկում՝ Երեւանի մէջ

Փաշինեան-Ղարիպաշվիլի քննարկում՝ Երեւանի մէջ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպած է աշխատանքային այցով Հայաստան ժամանած Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլիին հետ, տեղեկացուցած է Կառավարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:

Ողջունելով վրացի գործընկերոջ, ՀՀ վարչապետը կրկին անգամ ցաւակցութիւն յայտնած է Պաթում քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ողբերգական դէպքին կապակցութեամբ եւ զօրակցութիւն յայտնած Վրաստանի կառավարութեան եւ վրացի ժողովուրդին: Նիկոլ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է Իրաքլի Ղարիպաշվիլիին, որ, չնայած այդ արտակարգ իրավիճակին, չեղեալ չէ համարած իր այցը Հայաստան: 

Վրաստանի վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է ՀՀ վարչապետին զօրակցութեան խօսքերուն համար: 

Նիկոլ Փաշինեան եւ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի արձանագրած են, որ երկկողմանի բարձրաստիճան յաճախակի շփումները կը վկայեն հայ-վրացական յարաբերութիւններու յարաշարժ զարգացման եւ քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակի մասին:

Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան-Վրաստան համագործակցութեան օրակարգը եւ հեռանկարները: Մտքեր փոխանակուած են տարածաշրջանային իրավիճակի եւ զարգացումներու շուրջ: Կողմերը վերահաստատած են բարեկամական կապերը հետեւողականօրէն խորացնելու պատրաստակամութիւնը եւ պայմանաւորուած շարունակել գործուն երկխօսութիւնը: