image

«Պէյրութը Կազզա կը դարձնենք...». Նաթանիահու սպառնացած է Լիբանանին

«Պէյրութը Կազզա կը դարձնենք...». Նաթանիահու սպառնացած է Լիբանանին

Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն կրկին սպառնացած է Պէյրութին եւ հարաւային Լիբանանին Կազայի հատուածի ճակատագրով, եթէ լիբանանեան «Հըզպալլա» շարժումը որոշէ ներգրաւուիլ Իսրայէլի հետ լայնածաւալ պատերազմի մէջ։

«Եթէ «Հըզպալլա» որոշէ սկսիլ համապարփակ պատերազմ, ապա ան իր ձեռքերով Պէյրութը եւ Հարաւային Լիբանանը, որոնք կը գտնուին այստեղէն ոչ հեռու, կը վերածէ Կազայի»,-ըսած է վարչապետն իսրայէլեան բանակի պահեստային ստորաբաժանումներու հետ հանդիպման ժամանակ։

Հիւսիս կատարած այցի ընթացքին Նաթանիահուին ուղեկցած են պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթը եւ Իսրայէլի բանակի գլխաւոր շտաբի պետ Հերցի Հալեւին։

Վարչապետի գրասենեակէն յայտնած են, որ անոնք գնահատած են լիբանանեան սահմանի երկայնքով ստեղծուած անվտանգային իրավիճակը եւ զրուցած տարածքին մէջ ծառայող հետեւակային ու հրետանային ստորաբաժանումներու պահեստազօրայիններու հետ։