Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին (AUB) մէջ, գործակցութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին, հաստատուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան անդրադարձող դասընթացք մը:
Ըստ վերջերս հրապարակուած զեկուցումի մը, Լիբանանի մէջ մեծագոյն եւ Միջին Արեւելքի մէջ երկրորդ դիրքը գրաւող նշեալ համալսարանին քաղաքական գիտութեանց (Political Studies & Public Administration) բաժանմունքին մէջ ներառուած դասընթացքին պատասխանատուն է բաժանմունքի դասախօսներէն դոկտ. Ժան Կէօքճեանը:
«Հայ-թրքական հակամարտութիւնը» խորագիրով դասանիւթը Հայոց ցեղասպանութեան կողքին պիտի անդրադառնայ նաեւ այլ ցեղասպանութիւններու:
Դասաւանդումը ընթացք պիտի առնէ 2016-ի աշնան: