image

Պէյրութէն՝ բօթ. Ոչ եւս է բազմավաստակ դաստիարակ՝ օրդ. Ալիս Գազանճեանը

Պէյրութէն՝ բօթ. Ոչ եւս է բազմավաստակ դաստիարակ՝ օրդ. Ալիս Գազանճեանը

Յառաջացած տարիքի բերումով (92 տարեկան) կեանքէն հեռացած է Լիբանանահայ կրթական շրջանակներուն մօտ մեծ յարգանք վայելող ՝Օրդ. Ալիս Գազանճեանը։

 

«Արեւելք» այս մասին իմացաւ  Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի  դիմատետրի էջէն։

 

 Ճեմարանի երթիքին տակ  իր դաստիարկութիւնը ստացաւ օրդ. Ալիսը  այդ պատմակերտ դպրոցի ուսումնական ծրագիրն աւարտելէ ետք  նուիրուած է ուսուցչական ասպարէզին եւ երկար տարիներ գործած է, որպէս ուսուցչուհի ու նաեւ դաստիարակ։

 

 Մի քանի սերունդներու հայեցի դաստիարակութիւն ջամբած օրդ. Ալիսը կը համարուի Լեւոն Շանթի, Նիկոլ Աղբալեանի, Սիմոն Վրացեան, Կարօ Սասունիի եւ այլ մեծերու  աշակերտն ու ուսանողը հանդիսացած օրդ.  Ալիսը  ապագային ալ կարողացած իր ստացած սերմի հունտերը ցանել մեծ թիւով Ճեմարանականներու հոգիներուն  մէջ։

 

 Նշենք նաեւ, որ օրդ. Ալիս քոյրն էր լիբանանահայ մամուլի  նուիրեալ անձնաւորութիւններէն, «Նոր Կեանք» պարբերականի հիմնադիր հանգուցեալ Մանուէլ Գազանճեանին։

 

 Յարգանք իր յիշատակին։