image

«Պէտք Է Յարգանքով Մօտենալ Սուրիահայութեան Ցաւին» «Արեւելք»ին Ըսաւ Դամասկոսի Առաջնորդ Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեան

«Պէտք Է Յարգանքով  Մօտենալ Սուրիահայութեան  Ցաւին»  «Արեւելք»ին Ըսաւ  Դամասկոսի Առաջնորդ Տ. Արմաշ   Եպս. Նալպանտեան

Սուրիա- «Պէտք է Սուրիահայութեան   ցաւին   յարգանքով մօտենալ: Եւ ճիշդ չէ   մէկ երեւոյթը ընդհանարացնել: Մենք ոչ կ'արգիլենք, եւ ոչ ալ կը ստիպենք մեր զաւակները մնալու կամ երթալու: Անոնք, որոնք  կը փափաքին Սուրիայէն հեռանալ     մենք զանոնք կը քաջալերենք Մայր  հայրենիք մեկնելու»:«Արեւելք»ին ըսաւ   Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ   Դամասկոսի թեմի առաջնորդ ՝ Տ. Արմաշ Եպս.  Նալպանտեան: Սրբազանը նաեւ նկատել տուաւ, որ Սուրիոյ մէջ  ապրող ոչ բոլոր հայորդիները  կ'ուզեն  Սուրիայէն  հեռանալ  նկատել տալով, որ     համայնքի զաւակներուն մեծ տոկոսը պայմաններու եւ յստակ   ապագայի հեռնանկարի բացակութեան հետեւանքով յայտնուած են  շուարած վիճակի մը մէջ:  Տ. Արմաշ     Սրբազան հայրը «Արեւելք»ին տուած հարցազրոյցին մէջ (հարցազրոյցը  ամբողջութեամբ կը տեղադրենք աւելի ուշ)   յայտնեց, որ թէեւ Դամասկոսի մասին շատ չի խօսուիր  հայկական  լրատուական աղբիւրներու կողմէ, սակայն անոր շրջակայքը նոյնքան անապահով վիճակի մէջ է, ինչ որ Սուրիոյ տարբեր շրջանները, եւ այդ   վտանգաւոր շրջաններու սահմանագիծը կ'անցնի հայկական եկեղեցւոյ թաղամասէն: Ապա անդրադառնալով այնտեղ տիրող կենցաղային պայմաններուն,սրբազան հայրը աւելցուց, թէ համեմատաբար ուրիշ շրջաններու աւելի բարւօք վիճակ մը կը պարզէ: Գաղութային կեանքին վերաբերեալ սրբազան հայրը նշեց, որ գաղութի բոլոր վարժարաններն ու ակումբները կը գործեն կանոնաւոր կերպով, եւ թէ ազգային կեանքը կը շարունակուի խնդիրներէն առաջ եղած նոյն եռանդով, սակայն աւելի համեստ ներկայութեամբ  եւ համեստ պայմաններու մէջ:  Զեկուցելով Դամասկոսահայ Գաղութի մարդահամարին  մասին, սրբազանը  յայտնեց, որ  1200 ընտանիքէ բաղկացած գաղութէն՝ որ կը նշանակէ 7000-8000 մարդ, այսօր մնացած է հազիւ 4000: Ան աւելցուց, որ բացի քանակական վնասէն, գաղութը կրած է նաեւ նիւթական մեծ վնասներ, Դամասկոսի վրայ գործուած ռմբակոծումներու հետեւանքով քանդուած է այնտեղ գործող  Թ.Մ.Միութեան շէնքը, Ս. Սարգիս եկեղեցին, Հայ կաթողիկէ Թագուհի Տիեզերաց եկեղեցին, «Փարոս» Հայ կաթողիկէ վարժարանը, որու վրայ կատարուած ռմբակոծման հետեւանքով վիրաւորուած են  75 երեխաներ, իսկ «Ազգային Թարգմանչաց ճեմարան»ի վրայ եղած պայթումին զոհ գացած են չորս մանկահասակներ: Վերջերս, հայաստանցի մեծահարուստ պրն. Գագիկ Ծառուկեանի կողմէ Անթիլիասի կաթողիկոսարանին եղած  իշխանական նուիրատութիւն մասին մեր հարցին շուրջ ան պարզաբանեց, որ առայժմմանրամասնութիւններ չունի, թէ ինչքան տոկոս պիտի յատկացուի Դամասկոսի թեմին: Ան աւելցուց, որ այս գծով Սուրիոյ ճգնաժամի առաջին օրերէն եղած է ընդհանուր պայմանաւորուածութիւն մը, որ բոլոր նուիրատուութիւները պէտք է հասնին կաթողոկոսարաններու եւ նուիրապետական աթոռներու միջոցաւ եւ անոնք իրենց հերթին գումարները փոխանցեն Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի մարմնին, որուն մէջ իւրաքանչիւր համայնք եւ քաղաքական ու մշակութային կազմակերպութիւն իր ներկայացուցիչը ունի, ուստի նուիրատուութիւններու ստանձման գործին մէջ պարտադիր չէ բոլոր կողմերու ներկայութիւնը: Տ.  Արմաշ սրբազան սրտցաւօրէն յայտնեց, որ հայութեան կողմէ յաճախ անտեսուած կը մնայ միջազգային լրատուամիջոցներու կողմէ մեծ ուշադրութեան արժանացած Հոմսի մէջ գործող 110 ընտանիքէ բաղկացած եւ Դամասկոսի թեմին պատկանող հայ գաղութը եւ կոչ ուղեց աչքաթող չընել անոր կարիքները եւս: Մանրամասնելով, սրբազան հայրը տեղեկութիւն  փոխանցեց գաղութի կրած վնասներուն  մասին, ան յիշեց, որ Հոմսի մէջ գտնուող ազգային Սահակեան վարժարանն ու Սուրբ Մեսրոպ եկեղեցին, որոնք կը գործէին նոյն շէնքին մէջ, զինեալներու կողմէ վերածուած էր բժշկական կեդրոնի եւ օգտագործուած որպէս դաշտային հիւանդանոց, այդ իսկ պատճառով շէնքը չէ քանդուած, սակայն կը գտնուի անմխիթար վիճակի մը մէջ եւ կարելի չէ զայն օգտագործել:Սուրիոյ տաքնապի հանգուցալուծման մասին  իր կարծիքը յայտնելով ան ըսաւ. «Յայտնի է, որ Սուրիոյ մէջ կատարուածը որեւէ մէկ ժողովրդավարական, քաղաքական կամ արաբական գարնան հետ կապ չունի եւ ոչ ալ բարեփոխումներու պայքար մըն էր եղածը, այլ միայն միջազգային եւ տարածաշրջանային հակամարտութիւններու դաշտ», ան նաեւ նկատել տուաւ, որ վերջին շրջանի քաղաքական եւ դիւանագիտական յարձակումները՝ ուղղուած Սուրիոյ ,մեղմացած են, եւ մեծ երկիրներու խաղաքարտերու փոփոխութիւնը ցոյց կու տայ Սուրիոյ տագնապին եւ ճգնաժամին իրական դէմքը եւ այս բոլորը ապահով կեանքի վերահաստատման յոյս կը ներշնչէ Սուրիոյ ժողովուրդին ընդհանրապէս եւ սուրիահայութեան մասնաւորաբար:Սրբազան հայրը իր խօսքի մէջ անդրադառնալով Հայաստանի կառավարութեան կողմէ վերջերս քննարկելի դարձած սուրիահայութեան տեղափոխութեան հարցին եւ հայաստանեան լրատուամիջոցներու կողմէ յանգեցուած եզրակացութիւններուն, թէ հալէպահութիւնը ամբողջութեամբ կ'ուզէ դուրս գալ երկրէն, սակայն անոր միջոցներ կը պակսին, ան կու գայ զգաստութեան հրաւիրելու վերջիններս եւ կոչ ուղելու անոնց, յարգանքով վերաբերիլ սուրիահայուն ցաւին, առանց ընդհանրացնելու երեւոյթները, քանի որ յստակ է, որ ոչ բոլորն են նման կարծիքի եւ անոնց մեծամասնութեան մտատանջութիւնը անհեռանկար ապագայի պատկերն է ու անելանելի անկողմնորոշուածութիւնը:

  Սրբազան հայրը խօսքի  աւարտին ուզեց  յորդորել աշխարհասփիւռ հայութեան, որ շարունակուի սուրիահայութեան համար օգնութեան ձեռք մեկնելու ջանքերը, որովհետեւ տակաւին շարունակուող ճգնաժամային շրջանի 4-րդ տարուան մէջ այդ օգնութիւններու խիստ կարիքը կը զգացուի: