image

Պայտըն մտադրութիւն չունի Ուքրանիա ամերիկեան զօրքեր ուղարկելու. Սպիտակ տուն

Պայտըն մտադրութիւն չունի Ուքրանիա ամերիկեան զօրքեր ուղարկելու. Սպիտակ տուն

ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն Ուքրանիա ամերիկեան զօրքեր ուղարկելու մտադրութիւն չունի: 

Սպիտակ տունը նաեւ յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը բաց է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ փոխգործակցութեան համար, բայց նոր շփումներու մասին որոշում այս պահի դրութեամբ չկայ:

Աւելի վաղ Փենթակոնը յայտարարած է, որ պաշտպանութեան նախարար Լլոյտ Օսթինի հրամանով 8500 ամերիկացի զինուորական բերուած է տեղակայման բարձր պատրաստուածութեան` անհրաժեշտութեան պարագային Արեւելեան Եւրոպայի մէջ տեղակայելու համար, եթէ ՆԱԹՕ-ն աշխուժացնէ իր արագ արձագանգման ուժը Ռուսաստանի հետ լարուածութեան պատճառով:

Ամերիկեան ուժերու տեղակայման վերաբերեալ որոշում չէ ընդունուած, սակայն զգօնութեան բարձր մակարդակը թոյլ պիտի տայ զինուորականներուն արագօրէն պաշտպանել ՆԱԹՕ-ի արեւելեան թեւը, եթէ Ռուսաստանը ներխուժէ Ուքրանիա:

Փենթակոնը նախազգուշացուցած է, որ Ռուսաստանը «ապամագլցողական նշաններ չէ ցուցաբերած» եւ կը շարունակէ զօրքեր կուտակել Ուքրանիոյ սահմաններուն: