image
Հրատապ լուրեր:

Պայտըն կրկին անգամ անտեսեց Ատրպէյճանի զինումը արգիլող օրէնքը

Պայտըն  կրկին անգամ  անտեսեց  Ատրպէյճանի զինումը արգիլող օրէնքը

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ հակառակ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ շարունակուող Ատրպէյճանի բռնարարքներուն, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն դաձեալ որոշած է շրջացնել Ազատութեան զօրակցելու բանաձեւի թիւ 907 յաւելուածը, որ կը պահանջէ Ատրպէյճանի բռնատիրական իշխանութիւններուն ամերիկեան ռազմական օժանդակութիւնները կասեցնել:

«Նախագահ Պայտընի որոշումը կանաչ լոյս կը բանայ Ատրպէյճանին ռազմական աջակցութիւն տրամադրել փափաքողներուն դիմաց եւ աւելիով կը քաջալերէ ապօրինիաբար հայ պատերազմական գերիներ պահող Ալիեւի վարչակարգը, որ մահացու յարձակումներ գործէ Արցախի վրայ եւ բռնագրաւուած պահէ Հայաստանի հողերը», կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան՝ աւելցնելով, որ հակառակ Պայտընի որոշումին, Հայ Դատը պիտի շարունակէ Քոնկրեսին միջոցաւ իր ջանքերը, կասեցնելու համար Պաքուին տրամադրուող ռազմական աջակցութիւնները։

Հայ Դատը կը շեշտէ, թէ յատկապէս 44-օրեայ պատերազմին եւ Արցախի ու Հայաստանի վրայ ատրպէյճանական շարունակուող յարձակումներուն լոյսին տակ, Պաքուին ռազմական օժանդակութիւններ տրամադրելու ներկայ ընթացքը պէտք չէ շարունակուի:

1992-ին վաւերացուած յաւելուածը 2002-էն ի վեր ամբողջութեամբ չի գործադրուիր, որովհետեւ նախագահին տրուած է զայն շրջանցելու իրաւասութիւնը եւ այդ թուականէն ետք բոլոր նախագահները շահագործած են այդ իրաւունքը, որուն պատճառով Ատրպէյճան միայն 2002-2021-ի միջեւ ստացած է առնուազն 164 միլիոն տոլարի ռազմական աջակցութիւն: