image

Պայտըն խոստովանած է, որ հուսիներուն դէմ եղած ԱՄՆ-ի հարուածները արդիւնաւէտ չեն

Պայտըն խոստովանած է, որ հուսիներուն դէմ եղած ԱՄՆ-ի հարուածները արդիւնաւէտ չեն

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընին հարցուցած են՝ արդեօք Եմէնի հուսի ապստամբներու թիրախներուն Միացեալ Նահանգներու հարուածները արդիւնաւէտ գործած են:

«Եթէ կը հարցնէք, թէ անոնք յաջողած են հուսիները կանգնեցնել, ո՛չ: Անոնք (հուսիներ-Խմբ.) պիտի շարունակեն, այո՛», - յստակ պատասխանած է Պայտըն:

Յիշեցնենք՝ օրերս Ուաշինկթընն ու Լոնտոնը համակարգուած հարուած հասցուցած էին Եմէնի մէջ հուսիներու թիրախներուն: Այնուհետեւ Միացեալ Նահանգները եւս քանի մը հարուած հասցուցած էր հուսիներու կողմէ վերահսկուող տարածքներուն:

Փենթակոնը յայտարարած էր, որ հուսիները «անմիջական սպառնալիք են տարածաշրջանին մէջ առեւտրային նաւերու եւ Միացեալ Նահանգներու ռազմածովային ուժերու նաւերու համար»:

Յայտնի դարձած է, որ հուսիներն Արաբական ծովու Ադէնի ծոցին մէջ յարձակած են ամերիկեան Chem Ranger հրասայլերու վրայ։ 

Միացեալ Նահանգներու կեդրոնական հրամանատարութիւնը (CENTCOM) X-ի էջին հաստատած է հարուածը: Գերատեսչութեան տուեալներով՝ յարձակումը տեղի ունեցած է յունուար 18-ին՝ տեղական ժամանակով ժամը 21։00-ին: Հրթիռներն ինկած են ջուրը՝ նաւի կողքը:

Հուսիները երկու հականաւային պալիսթիք հրթիռ արձակած են Մարշալեան կղզիներու դրօշով երթեւեկող ամերիկեան հրասայլերու վրայ։

Միջադէպի հետեւանքով զոհեր եւ վիրաւորներ չկան։ Նաւը նոյնպէս չէ վնասուած եւ շարունակած է շարժիլ երթուղիով։