Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի եւ թեմերու առաջնորդանիստ եկեղեցիներէն ներս, 27 Սեպտեմբերին, ժամը 10։00-ին, պիտի կատարուի հոգեհանգստեան արարողութիւն 44-օրեայ պատերազմին զոհուած հայրենեաց պաշտպաններու հոգիներու խաղաղութեան համար։ Այս մասին տեղեկացուցած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ հոգեհանգստեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Սուրբ Գայանէ վանք: