Ներկայութեամբ եւ բարձր հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մակար եպս. Աշքարեանի վաղը պաշտամունքի առջեւ իր դռները պիտի վերաբանայ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Քեսապի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն։
Պիտի մատուցուի Սուրբ եւ Անմահ պատարագ, որուն ընթացքին ալ պիտի կատարուի սրբապատկերներու օծում։
Արարողութեանց պիտի մասնակցի եւ յաւուր պատշաճի քարոզ պիտի տայ Բերիոյ Թեմի բարեջան եւ նուիրեալ առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մակար եպս. Աշքարեան։
Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Քեսապի եկեղեցւոյ վերանորոգման մասին առաջինը գրած էր «Արեւելք» ներկայացնելով լուսանկարներ տեղի ունեցող վերանորոգումներէն ու նաեւ նշելով այն մասին, վերանորոգման աշխատանքներուն իր կարեւոր ներդրումը ունեցած է Կիպրոսի Հայոց Թեմի նուիրեալ եւ եկեղեցասէր ազգայիններէն՝ Տիար Սեպուհ Արմենակեանը, որուն ներդրումն ու նեցուկը անուրանալի են, ոչ միայն Քեսապի այլ նաեւ Կիպրոսի ու այլ համայնքներու պարագային։
Քեսապի հանդէպ մեր ազգայիններու նուիրական ուշադրութիւնն ու հոգածութիւնը անգամ մը եւս լոյս կը սփռեն Կիլիկիոյ վերջին նշխար հանդիսացող հայաշունչ Քեսապի ամրութեան եւ տեղի հայկական համայնքի առաքելատիպ գործունէութեան առընթեր։
Բոլորին վարձքը կատար։