Եթէ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի միջեւ քննարկուող խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծին մէջ վերջինիս կողմէ ներկայացուած 5 կէտերուն մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մասին յստակ չէ նշուած, ապա, ըստ էութեան, այս երկու գործընթացները կը տարանջատուին: Այս մասին «Արմէնփրէս»-ի թղթակցի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Արցախի Ազգային ժողովի «Ազատ Հայրենիք-ՔՄԴ» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Յարութիւնեան, անդրադառնալով 6 հոկտեմբերի Փրակի քառակողմ յայտարարութեան, որով Հայաստանն ու Ատրպէյճանը վերահաստատած են իրենց յանձնառութիւնը ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ 1991թ. Ալմա-Աթայի Հռչակագրին՝ անոնց միջոցով ճանչնալով իրար տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը:
«Պրահայի քառակողմ հանդիպման արդիւնքում ընդունուած այդ յայտարարութեան մեսիջն (պատգամ) այն էր, որ 2 պետութիւնները ճանաչում են միմեանց տարածքային ամբողջականութիւնը, որի մասին Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները խօսում էին նաեւ մինչեւ այդ: Երբ Ատրպէյճանի կողմից ներկայացուեցին խաղաղութեան պայմանագրի նախագծի վերաբերեալ 5 կէտանոց առաջարկներ, ՀՀ իշխանութիւններն արտայայտեցին իրենց դիրքորոշումն առ այն, որ նրա տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ որեւէ պահանջ չեն ունեցել ու չունեն: Այստեղ խնդիրն արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքի իրացմանն է վերաբերում՝ ըստ միջազգային նորմերով ամրագրուած ազգերի ինքնորոշման իրաւունքի:
Արցախի Հանրապետութիւնը որեւէ կապ չի կարող ունենալ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան հետ, քանի որ մենք մեր անկախութիւնը հռչակել ենք ԽՍՀՄ համապատասխան օրէնսդրութեան եւ միջազգային բոլոր նորմերի իրաւազօրութեամբ, ինչպէս Ատրպէյճանը: Մենք բազմիցս ենք նշել, որ ԽՍՀՄ-ում 1991 թուականի ապրիլին ընդունուած օրէնքի համաձայն, ըստ որի՝ պետութիւնները, այդ թուում՝ առանձին միաւորները, կարող են դուրս գալ եւ ստեղծել առանձին պետութիւն, մենք անկախութեան հռչակագիր ենք ընդունել, այնուհետեւ հանրաքուէ անցկացրել նոյն իրաւազօրութեամբ, ինչպէս, որ Ատրպէյճանն է դուրս եկել ԽՍՀՄ-ի կազմից»,-մանրամասնած է Արցախի խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավարը՝ ընդգծելով, որ նոյն իրաւաչափերու ծիրէն ներս 2 պետութիւն ստեղծուած է՝ հաշուի առնելով այն, որ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար մարզը եղած է նաեւ որպէս առանձին միաւոր ատրպէյճանական ԽՍՀ-ի կազմին մէջ:
Ինչ կը վերաբերի Ատրպէյճանի հետ Արցախի ուղիղ երկխօսութեան, ապա ըստ Յարութիւնեանի, Արցախը պատրաստ է ատոր, եթէ միջազգայնօրէն ճանչցուի որպէս հակամարտող եւ բանակցային լիիրաւ կողմ՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափով:
«Եթէ կայ անմիջապէս Արցախի ու Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններ իրականացնելու գաղափարը, ապա մենք պատրաստ ենք, եթէ միջազգային հանրութիւնը կ'երաշխաւորի, որ Արցախը լիիրաւ կողմ է հանդիսանում: Այդ դէպքում պատրաստ ենք քննարկումների, ի հարկէ, այն 3 սկզբունքների հիման վրայ, որոնք համանախագահութեան ձեւաչափով ամրագրուած են՝ ազգերի ինքնորոշման իրաւունք, տարածքային ամբողջականութիւն եւ ուժի չկիրառում»,-եզրափակած է Յարութիւնեան: