image

Պաքուի «դատավարութիւններու» տեսաձայնագրութիւնները խոր մտահոգութիւն կը պատճառեն․ ՀՀ ԱԳՆ

Պաքուի «դատավարութիւններու» տեսաձայնագրութիւնները խոր մտահոգութիւն կը պատճառեն․ ՀՀ ԱԳՆ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը խոր մտահոգութիւն յայտնած է Ատրպէյճանի մէջ պահուող 23 հայ ռազմագերիներու, պատանդներու եւ այլ անձանց «դատավարութիւններու» տեսանիւթերու ու լուսանկարներու վերաբերեալ: Մտահոգիչ է նաեւ հացադուլի մէջ գտնուող Ռուբէն Վարդանեանի փաստաբաններու հրապարակած տեղեկութիւնները, որոնք կը վկայեն կալանաւորներու նկատմամբ ճնշումներու, խոշտանգումներու եւ առողջական վիճակի վատթարացման մասին:

Արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտնած են, որ դիւանագիտական գերատեսչութիւնը կը շարունակէ միջազգային հանրութեան, մասնաւորապէս տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեամբ շահագրգռուած եւ մարդասիրական արժէքները կարեւորող գործընկերներու ուշադրութիւնը հրաւիրել Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայազգի ռազմագերիներու, պատանդներու եւ այլ պահուող անձանց ազատ արձակման խնդրի, ինչպէս նաեւ դատավարական կոպտագոյն խախտումներով եւ խոշտանգման աղաղակող նշաններով անոնց մէկ մասի նկատմամբ ընթացող բեմականացուած դատավարութիւններու վրայ:

«Այդպիսի գործելաոճի մասին են վկայում նաեւ ՄԱԿ-ի Խոշտանգումների դէմ կոմիտէի կողմից արտայայտուած մտահոգութիւնները, «Human Rights Watch»-ի եւ այլ կազմակերպութիւնների կողմից փաստագրուած՝ հայ ռազմագերիների խոշտանգման դէպքերը, ինչպէս նաեւ ադրբեջանական իշխանութիւնների կողմից միջազգային կառոյցների, այդ թւում՝ Խոշտանգումների եւ անմարդկային կամ նուաստացնող վերաբերմունքի կամ պատժի կանխարգելման եւրոպական յանձնաժողովի հետ համակարգուած համագործակցութիւնից խուսափումը: Հայաստանի կառավարութիւնը շարունակում է ստանալ հայազգի ռազմագերիների, պատանդների եւ այլ պահուող անձանց նկատմամբ արգելուած միջոցների կիրառման մասին տեղեկութիւններ»,-ըսուած է ԱԳՆ տարածած յայտարարութեան մէջ:

Յայտարարութեան մէջ նաեւ ըսուած է, որ հայազգի ռազմագերիները, պատանդները եւ այլ պահուող անձինք ապօրինաբար կը պահուին Ատրպէյճանի մէջ՝ ի հեճուկս անոր կողմէ ստանձնած յանձնառութիւններու եւ միջազգային պարտաւորութիւններու: Հայազգի ռազմագերիներու, պատանդներու եւ այլ պահուող անձանց կալանաւորումն ու հետապնդումը կը հանդիսանայ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի եւ մարդու հիմնարար իրաւունքներու կոպիտ խախտում. համապատասխան միջազգային բազմակողմ փաստաթուղթերու պարզ թուարկումը կը ներառէ Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրը, «Քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներու մասին» միջազգային դաշնագիրը, «Խոշտանգումներու եւ այլ դաժան, անմարդկային կամ նուաստացնող վերաբերմունքի կամ պատժի դէմ» համաձայնագիրը, Ժընեւի IV համաձայնագիրը (1949 թ.), Մարդկային իրաւանց եւրոպական համաձայնագիրը:

«Ակնյայտ է, որ Ադրբեջանի իշխանութիւններն այս դատական ​​բեմականացումն օգտագործում են որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ քաղաքական ճնշումների եւ հասարակութեան շրջանում մանիպուլյացիայի գործիք՝ հաշուի առնելով խնդրի զգայունութիւնը իւրաքանչիւր ընտանիքի անդամի եւ ողջ հասարակութեան համար»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

Նախարարութիւնը շեշտած է այն հանգամանքը, որ այս գործընթացները կ՚ընթանան ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու մէջ հայերու դէմ էթնիք ատելութեան շարունակական քարոզչութեան պայմաններու մէջ:

Յայտարարութեան մէջ նաեւ նշուած է, որ առաջին հերթին՝ որեւէ հակամարտութեան ամբողջական կարգաւորում կը ներառէ ժողովուրդներու պատրաստումը խաղաղութեան, իսկ չլուծուած մարդասիրական խնդիրներու յաւելեալ ու արհեստական ձգձգումն առնուազն չի ծառայեր այդ նպատակին եւ միայն կը նուազեցնէ ատոր հաւանականութիւնը: Այս գիտակցումը բազմիցս ընդգծուած է Ատրպէյճանի հետ քննարկումներու ընթացքին, ինչպէս նաեւ տարբեր միջազգային հարթակներու վրայ, գործընկերներու ու կառոյցներու կողմէ: Կ՚ակնկալենք, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւններու ընկալումներուն մէջ եւս այն կը գերակայէ թշնամանքի շարունակական սնուցման ու կարճաժամկէտ հաշուարկներու նկատմամբ:

Հարցի վերջնական հասցէագրման մերժման պայմաններուն մէջ Հայաստանը չի կրնար անմասն եւ անտարբեր մնալ, ուստի պիտի շարունակէ այն բարձրացնել տարբեր հարթաներով եւ ձեւաչափերով՝ ակնկալելով լուծումներ եւ դրական առաջընթաց: