image

Պաքու փակած է դէպի Հայաստան Ռուսաստանի օդային ճանապարհը. Azeri Times

Պաքու փակած է դէպի  Հայաստան Ռուսաստանի օդային  ճանապարհը. Azeri Times

Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները տեղեկացուցած են ռուսական ռազմական օդանաւներու համար իրենց օդային տարածքը փակելու մասին:

Ատրպէյճանական The Azeri Times պարբերականը տեղեկացուցած է, որ Թուրքիայէն յետոյ իր օդային տարածքը ռուսական ռազմական օդաաւներուն համար փակած է նաեւ հարեւան Ատրպէյճանը: Պարբերականին տուեալներով` այդ կապուած է Ռուսաստանի եւ Հայաստանի միջեւ ռազմական բեռներու փոխադրումը խախտելու մտադրութեան հետ:

«Ատրպէյճանը փակած է իր օդային տարածքը ռուսական ռազմական օդամաւներուն համար: Արդիւնքով` ռուսական օդանաւները, որոնք Հայաստանէն Ռուսաստան ռազմական բեռնէր կը փոխադրէին, ստիպուած էին թռչիլ Իրանի եւ Տոնի Ռոսթովի` Կասպից ծովի վրայով», տեղեկացուցած է The Azeri Times պարբերականը:

Չնայած այս տուեալներուն` պաշտօնական որեւէ յայտարարութիւն ատրպէյճանական եւ ռուսական կողմերու ներկայացուցիչներէն առայժմ չէ ստացուած: Այդ չի բացառեր այն հաւանականութիւնը, որ տեղեկութիւնը կը կրէ սադրիչ բնոյթ:

«Նոյնիսկ եթէ Ատրպէյճանը իսկապէս փակած է իր օդային տարածքը ռուսական ռազմական ինքնաթիռներուն համար, այդ ճակատագրական չէ, չնայած հաստատ կրնայ ազդել լոճիսթիքի վրայ: Այնուամենայնիւ, եթէ տեղեկութիւնը կը համապատասխանէ իրականութեան, ապա Պաքուն պէտք է մտածէ հետեւանքներուն մասին», նշած է մասնագէտը: