image

Պապիկեան եւ Թրէյսի. Անվտանգային խնդիրներու քննարկում

Պապիկեան եւ Թրէյսի. Անվտանգային խնդիրներու քննարկում

Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանն ու ԱՄՆ դեսպան Լին Թրէյսին քննարկած են սահմանային իրավիճակին եւ անվտանգային խնդիրներուն առնչուող հարցեր:

Նախարարը դեսպանին ներկայացուցած է սահմանագօտիին մէջ տիրող իրավիճակը եւ խնդիրներու կարգաւորման հայկական կողմին մօտեցումները:

Ամերիկեան կողմը կ'աջակցի լարուածութեան թուլացման եւ խնդիրներու խաղաղ կարգաւորման, ըսած է Լին Թրէյսին` ընդգծելով ԱՄՆ դերակատարումը ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի շրջանակներուն մէջ, այդ ձեւաչափով ընթացող գործընթացներու շարունակականութիւնը:

Ռազմական գերատեսչութեան ղեկավարն ու Միացեալ Նահանգներու դեսպանը քննարկած են նաեւ պաշտպանական բնագաւառին մէջ երկկողմ փոխգործակցութեան առնչուող շարք մը հարցեր: