image

«Պաղ պատերազմ»ը պիտի վերադառնա՞յ

«Պաղ պատերազմ»ը պիտի վերադառնա՞յ

«The National Interest» թերթի կատարած հարցախոյզը, որուն մասնակցած են շարք մը փորձագէտներ, պարզած է, որ Պաղ պատերազմը պիտի վերադառնայ, եւ այս անգամ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Չինաստանի միջեւ:

Փորձագէտները համաձայն են, որ երկու տէրութիւններուն առճակատումը կապուած է համաշխարհային տիրապետութեան համար մղուող պայքարին հետ:

Ըստ փորձագէտներու, կողմերէն ոչ մէկը կը ձգտի պատերազմի, ուստի պատերազմը պիտի մնայ պաղ եւ պիտի ներառէ հիմնականին մէջ տնտեսական, արհեստագիտական եւ քաղաքական ոլորտները:

Մոսկուայի մէջ ԱՄՆ-ի նախկին դեսպան Մայքլ Մաքֆոլ յայտնած է, որ ԱՄՆ-ի եւ ԽՍՀՄ-ի միջեւ պաղ պատերազմը համեմատել ներկայիս աշխարհաքաղաքական իրավիճակին հետ՝ սխալ է:

Փորձագէտները յստակացուցին, որ Չինաստանը չի ձգտիր համաշխարհային տիրապետութեան կամ դրամատիրութեան ոչնչացման եւ ամերիկեան ապրելակերպի խաթարման: Ըստ անոնց, Չինաստանը այլ նպատակ ունի, այն է ՝ կուտակել իր հարստութիւնը, հզօրութիւնը եւ ազդեցութիւնը, յատկապես ԱՄՆ-ի հետ համեմատած:

Փորձագէտները կը կարծեն, որ ներքին խնդիրները իրենց հետքը կը թողեն առճակատման վրայ՝ ինչպէս ԱՄՆ-ի, այնպէս ալ Չինաստանին մէջ, նշելով որ այժմ ե՛ւ Ուաշինկթընի, ե՛ւ Փեքինի համար աւելի հեշտ է քաղաքայիններուն ուշադրութիւնը հրաւիրել ենթադրեալ արտաքին «սպառնալիքին», քան տնտեսութեան կամ հասարակական կեանքի հետ առնչուած դժուարութիւններու լուծման վրայ: