Երեւանի մէջ Դեկտեմբեր 21-22-ին տեղի պիտի ունենայ հայ-ռուսական տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի նիստը։ Ռուսաստանի պատուիրակութիւնը պիտի գլխաւորէ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքը։
Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի նախորդ նիստը տեղի ունեցած է 2019 թուականին, Մոսկուայի մէջ։
Ղարաբաղեան պատերազմէն յետոյ տարածաշրջանին մէջ հողորդակցութեան ուղիներու վերաբացման նպատակով ստեղծուած եռակողմ աշխատանքային խումբին մէջ Օվերչուքը ռուսական կողմի ներկայացուցիչն է։