Ռուսիոյ եւ Հայաստանի առեւտուրը զգալիօրէն կրճատուած է, կը սպասուի, որ տարուան աւարտին ցուցանիշները նուազին երկու անգամ։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքը։
«Այն (առեւտուրը - խմբ.) զգալիօրէն կրճատուած է։ Մենք կ՚ակնկալենք, որ մինչեւ տարեվերջ այն պիտի կրճատուի նախորդ տարուան համեմատ երկու անգամ։ Եթէ անցեալ տարի կար 12,4 միլիառ տոլար, ապա այս տարի պիտի ըլլայ վեցի շուրջերը, թերեւս քիչ մըն ալ աւելի»,-ըսած է Օվերչուքը։