image
Հրատապ լուրեր:

Օգնենք հալէպահայ մեր հայրենակից՝ Անահիտ Մազլումեանին

  Օգնենք հալէպահայ  մեր հայրենակից՝ Անահիտ Մազլումեանին

 Նորութեան մը մասին խօսած չենք ըլլար անշուշտ, եթէ լոյսին տանք, թէ պատերազմի հետեւանքով Սուրիայէն մայր հայրենիք փոխադրուած մեր հայրենակիցներէն շատ-շատերը անցուցին դժուարին օրեր։ 

 Աշխատանք ունենալու հարց, բնակարան ունենալու խնդիր եւ այլ հազար ու մի տեսակ բարդութիւններ, որոն ցցուեցան մեր հայրենակիցներուն առջեւ։

 Տակաւին անոնցմէ շատ-շատերը ստիպուած եղան հեռանալ Հայաստանէն, մինչ «Քովիտ» համավարակի պարագան ու աւելի ուշ ալ Արցախեան պատերազմի օրհասը ամբողջապէս փոխեցին Հայաստանի հասարակութեան օրակարգերը։

 Մնացին անոնք, որ մնացին, մնացին անոնք որ գնահատեցին Հայաստան ապրելու բարեբախտութիւնը եւ մնացին անոնք, որոնք ճար ու միջոց չունեցան հեռանալու Հայաստանէն։

 Այդ բոլոր խմբաւորումներուն մէջ ցաւագին էր անոնց պարագան, որոնք  յայտնուեցան օրուայ հացը ճարելու խնդրին ընդառաջ եւ այսօրուայ մեր հրապարակումը, որ առնուած է «Հալէպահայերու բարեսիրական միութեան» էջէն կը վկայէ այդ մասին։

 Կը հրապարակենք այդ նիւթը քաջայոյս ըլլալով, որ այս դժուար ժամանակներուն կը գտնուին ազգայիններ, որոնք օգնութեան ձեռք կը մեկնեն մեր հայրենակիցներուն։

 

Երեք երեխաներու մայր, 41-ամեայ Անահիտ Մազլումեան կը պայքարի ապրուստը ապահովելու համար։ 

 

Սուրիական հակամարտութեան հետեւանքով Սուրիայէն Լիբանան տեղահանուած եւ յետագային Հայաստան հայրենադարձուած Անահիտ Մազլումեան այժմ կռիւ կը մղէ կեանքին վտանգ սպառնացող հիւանդութեան դէմ:

 

Արդէն իսկ ծանր պայմաններու տակ, փոքրիկ տնակի մը մէջ, ամուսնոյն եւ երեք երեխաներով (երկուքը՝ անչափահաս) բնակող ընտանիքի մօր մօտ ախտորոշուած է Քարոլի հիւանդութիւն, որ յարձակողական կերպով կը խանգարէ լեարդի գործունէութիւնը: Անոր ողջ մնալու միակ հնարաւորութիւնը լեարդի փոխպատուաստումն է:

 

Անահիտի այս ծանր պատմութեան մէջ կայ փրկութեան յոյս. բազմաթիւ հետազօտութիւններէ անցնելէ յետոյ Անահիտի 20-ամեայ որդին գտնուած է ամենայարմար նուիրատուն մօր համար: Բախտորոշ վիրահատութիւնը տեղի պիտի ունենայ «Աստղիկ» բժշկական կեդրոն: Սակայն, այս կեանք փրկող վիրահատութեան արժէքը 17 միլիոն հայկական դրամ է (շուրջ 45 հազար ամն տոլար) գումար, որ Անահիտին ու իր ընտանիքին պարզապէս անհասանելի է:

Սփիւռքի Գլխաւոր Յանձնակատարի Գրասենեակը խոստացած է տրամադրել 5 միլիոն դրամ վիրահատութեան համար: Մնացած է հաւաքագրել 12 միլիոն դրամ:

 

Այս առթիւ մենք խնդրանքով կը դիմենք ձեզի միանալու Անահիտի վիրահատութեան համար ստեղծուած դրամահաւաքին:

 

Իւրաքանչիւր նուիրատուութիւն պիտի ուղղուի բացառապէս վիրահատութեան ծախսերը հոգալուն՝ հնարաւորութիւն տալով Անահիտին շարունակելու կեանքը ընտանիքին հետ։

 

Անահիտի կռիւը ժամանակի դէմ է, եւ ան մեր բոլորի օգնութեան կարիքն ունի:

 

ԻՆՉՊԷ՞Ս կրնաք օգնել՝

Կատարելով նուիրատուութիւն ստորեւ յիշուած հաշուեհամարներուն`

ՀՀ դրամով փոխանցումներ իրականացնելու համար՝

դրամատուն՝ Քոնվերս դրամատուն

Հ/հ՝ 1930048910350400

Ստացող՝ «Հալէպ» հայրենակցական բարեսիրական ՀԿ

Նպատակ՝ Անահիտ Մազլումեանի վիրահատութեան համար

 

ԱՄՆ տոլարով փոխանցումներու համար՝

Beneficiary: ACC NGO

Beneficiary’s account No: 1930048910350501

Beneficiary’s Bank: Converse Bank CJSC, Yerevan, Armenia

SWIFT: COVBAM22

Correspondent Bank:

Bank of Georgia, Tbilisi, Georgia

SWIFT: BAGAGE22

Intermediary Bank:

CITIBANK N.A., New York, USA

SWIFT: CITIUS33

 

Եւրոյով փոխանցումներու համար՝

Beneficiary: ACC NGO

Beneficiary’s account No: 1930048910350204

Beneficiary’s Bank: Converse Bank CJSC, Yerevan, Armenia

SWIFT: COVBAM22

Correspondent Bank

Commerzbank AG

Frankfurt am Main, Germany

SWIFT: COBADEFF

Տարածելու այս շտապ դրամահաւաքի կանչը: