image

Նոր յաղթանակ Արթուր Աբրահամին

Նոր յաղթանակ   Արթուր  Աբրահամին

 Հայազգի Արթուր  Աբրահամ համոզիչ յաղթանակ մը տարած է՝ յաղթելով  նորվէկիացի  Թիմ- Ռոպըն Լիհաուգին: Այս մասին լուր փոխանցող աղբիւրներ նոյնպէս կը նշեն, որ Աբրահամ կը կատարէր իր 50-րդ  մենամարտը: Առաջին ռաունտերուն հաւասար   արդիւնքով  ընթանալէ  ետք,  Աբրահամ 8-րդ ռաունտին տապալած է իր հակառակորդը:  Արթուր Աբրահամը յաղթեց   թէքնիք- նոքուաթի դրութեամբ, քանի որ Լիհաուգի մարզիչը խնդրեց դադրեցնել մենամարտը: Աբրահամը այս յաղթանակի շնորհիւ  ախոյեանական գօտիի  յաւակնորդ  կը  դառնայ: