ՆԱԹՕ-ն ողջունած է Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ բանակցութիւններու աւարտը։
«Մենք կ՚ողջունենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի շուրջ բանակցութիւններու աւարտը եւ անհամբերութեամբ կը սպասենք պայմանագրի ստորագրման եւ վաւերացման:
Սա նշանակալի քայլ է կարգաւորման գործընթացին մէջ եւ օգուտ՝ տարածաշրջանային անվտանգութեան համար»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։