Օրերս ազատութեան մէջ յայտնուած ու հայրենիք՝ Հայաստան վերադարձած Համբիկ Սասունեանի անունը ծանօթ է շատերուն։
Իւրայատուկ է այն, որ Համբիկ քաղաքական բանտարկեալի կեանք մը վարելով հանդերձ եւ շնորհիւ իր աչալրջութեան շարունակական կապի մէջ եղած է մեր ժողովուրդի մասնաւորապէս երիտասարդ հատուածին հետ։
Համբիկի արդարայատոյց գործողութիւնէն անմիջապէս ետք եւ մասնաւորապէս սփիւռքեան գաղութներուն մէջ ընթացք առաւ նամակագրութեան արշաւ մը, որուն միջոցաւ ալ պատանիներ ու երիտասրդներ իրենց զօրակցական խօսքերը փոխանցեցին սիրելի Համբիկին։ Ու այդ նամակները չմնացին անպատասխան, որովհետեւ քաջ հերոսը միշտ ալ ժամանակ գտաւ եւ պատասխանեց նամակագիրներու մեծ մասին։
Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնենք Համբիկ Սասունեան ստորագրութիւնը կրող նամակներէն մին, որ գրուած է 1996 թուականին։
Նամակի հարազատութիւնը պահպանելու համար ոչ մէկ միջամտութիւն կատարած ենք։
Սիրելի ընկեր – ընկերուհիներ,
Սիրելի Հայրենակիցներ,
Մեր սերունդը ունի նոր կրօն մը, որ կը կոչուի Հայ Դատ: Մեր սերունդը այն սերունդն է, որ պիտի բուժէ վէրքը Հայաստանի, Հայ ազգը ճշմարտօրէն հաւաքական ուժ մը կազմելով ու Հայաստանը վերադարձնելով իր պատմական փառքին:
Ծնած ենք տէր կանգնելու մեր արժանապատուութեան, ծնած ենք տէր կանգնելու մեր ազգի իրաւունքներուն, տէր կանգնելու Զէյթունին, Սասունին, տէր կանգնելու Վանին ու Վանայ Լիճին, Կարսին, Արտահանին, տէր կանգնելու Հայաստանի Արքայ՝ Մասիս լերան:
Թոյլ չտանք, որ խումբ մը հայու արժէքներէ զուրկ սրիկաներ մեզի ըսեն, թէ հայը հողային պահանջ չունի Թուրքիայէն, նախ որ մարդ խօսի Հայ ազգի անունով, պէտք է ըլլայ հայ, եւ որքան որ ես գիտեմ, Հայ ազգը չունի զաւակ մը, որ պատրաստ չէ զոհուելու պատմական Հայաստանի սիրոյն, պաշտպանելու համար հայու փառքը վեհ:
Դուն, թանկագին ժողովուրդ, դուն ես թանկագին, քու չորս հազար տարուայ պատմութեան մէջ, դուն քանի անգամներ հրաշքներ ես գործել, դուն քանի զաւակներ ընտրել ես թագաւոր, քանի անգամ մարտադաշտէն վերադարձած ես յաղթական, քանի հերոսներ ունի քո պատմութիւնը, փառք քեզ, փառք՝ քու մեծութեան, փառք՝ քու հերոսներուդ, փառք՝ Մաշտոցիդ, փառք՝ քու Ռաֆֆիիդ ու Վարուժանիդ, փառք՝ քու Սեւակիդ, իմ համար միշտ դուն ես եղած սէրը, դուն ես եղած Աստուած, չեմ գտած քեզմէ աւելի գեղեցիկ ու բացառիկը, չեմ գտած քեզի պէս փառքով հերոս մը, որ տասնեակ անգամներ սպաննուած է եւ վերականգնած, դուն քանի անգամ քո այրած տունը վերականգնեցիր, քանի անգամներ նորոգեցիր քո Անին, քո Վանը, քանի անգամ ազատագրեցիր Երեւանը, եւ արդեօք Քրիստոնէութի՞ւնն էր որ փրկեց քեզ, կամ դուն՝ Քրիստոնէութեան...:
Հայ ըլլալը, ահա Մեր նուէրը: Շատերս ցաւօք սրտի ո՛չ մեր ազգին ծանօթ ենք, ո՛չ ալ Հայաստանին: Անգլիոյ մէջ Լորտ Պայրընը գրած է.- «Եթէ մէկը Աստծոյ հետ պիտի խօսի, պէտք է խօսի հայերէն:» Ինձ վաղուց յստակ է, թէ դրախտավայրի անունը Հայաստան է, Ճիշդ է որ դրախտավայրը մեր ազգահալած ուժերու ձեռքն է բայց մենք պէտք չէ մտահոգուինք թշնամի ուժերու գոյութենէն, այլ միայն մտահոգուինք խաբուած եւ կորսուած հայերու անտարբերութենէն, մտահոգուինք արտագաղթին, հայու ձեռքով սպաննուած հայերու դիակները գտնելով փողոցներու անկիւնները: Մենք չունինք որեւէ թշնամի մը, սիրելիներ, որ որեւէ գետնի վրայ, կարող է մրցիլ մեր դէմ, ուժը թիւի մէջ չէ, այլ միասնութեան, ուժը մենք մեզ ճանչնալու մէջ է, ուժը մեր փառքը ըմբռնելու մէջ է, խոնարհ ծառայութեան, Խրիմեանէն մինչեւ Չարենց, մենք գիտենք մեծ հայորդիներու պատգամը: Թալեաթն ու Ստալինը չկրցան հայը թանգարանի նմոյշ մը դարձնել, հաւատացէք ինձ, ՀՀՇ-ն եւս պիտի ձախողի...
Պանք Օթոմանէն մինչեւ Լիզպոն դուն դաստիարակած ես հերոս զաւակներ, Աւարայրէն մինչեւ Խանասոր, Սարդարապատէն մինչեւ Մուշ դուն տասնեակ անգամներ աւելի մեծ ուժեր ոտքի տակ ես արած։ Ես կը խոնարհիմ քո առջեւ թանկագին ժողովուրդ, դուն մահ չունիս, ոտքի տակ ես արել մահը, Հայաստանը քեզի է, եւ դուն Հայաստանին, մենք դատապարտուած ենք ըլլալ միասին՝ Հայ ու Հայաստան, չկայ բաժանում եւ մենք, հպարտութեամբ, կը համբուրենք այդ դատապարտութիւնը։ ՝
Փա՛ռք քեզ ստեղծագործ ու անմահ ժողովուրդ, փա՛ռք քեզ Անդրանիկ, Սեպուհ, փա՛ռք քեզ Վարուժան ու Սիամանթօ, փա՛ռք եւ քեզ իմ թանկագին ընկեր՝ Գօգօ Սալիպա. Հայ ազգի անզուգական զաւակներ էք դուք, սիրեցէ՛ք Հայ ազգը, նուիրեցէ՛ք ձեր կեանքը անոր սիրոյն, եւ հիմա Հայ ազգի հետ միասին յաւերժական էք բոլորդ, Հայ ազգը հպարտ է ձեզմով, ճիշդ այնպէս որ դուք էք Հայ ազգով։
Նախիջեւան, Մասիս, մենք շուտով կը հասնինք նաեւ ձեզ: Փա՛ռք քեզ սիրելի ժողովուրդ եւ փա՛ռք այն բոլորին որ կը ծառայեն քեզ։
Համբիկ Սասունեան 1996