image

Նախագահ Սիսի շնորհաւորած է Հայաստանի Անկախութեան Տարեդարձը

Նախագահ Սիսի շնորհաւորած  է  Հայաստանի Անկախութեան Տարեդարձը

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 30-ամեակին առթիւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտէլ Ֆաթթահ էլ Սիսի շնորհաւորական ուղերձ է յղած է ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանին։

«Անկախութեան օրուան առթիւ Ձեզ եւ բարեկամ հայ ժողովուրդին կը յղեմ իմ սրտագին ողջոյններն ու լաւագոյն բարեմաղթանքները։

Լիայոյս եմ, որ մեր բարեկամութեան արժէքաւոր աւանդական կապերը եւ բազմակողմանի համագործակցութիւնն յառաջիկայ տարիներուն կը շարունակեն ամրապնդուիլ տարբեր ոլորտներու մէջ՝ ի նպաստ մեր երկու բարեկամ ժողովուրդներուն», ըսած է  նախագահ Ապտէլ Ֆաթթահ էլ Սիսի։