Ռուսիոյ, Իրանի եւ Չինաստանի ներկայացուցիչներն ապրիլ 7-8-ը Մոսկուայի մէջ խորհրդակցութիւններ պիտի կայացնեն Թեհրանի միջուկային ծրագրի խնդրի շուրջ։ Այս մասին յայտնած է Իրանի ԱԳՆ խօսնակ Էսմայիլ Պաղային:
«Այսօր կամ վաղը Մոսկուայի մէջ տեղի պիտի ունենայ եւս մէկ եռակողմ հանդիպում, որու ընթացքին Չինաստանը, Ռուսիան եւ Իրանը պիտի քննարկեն միջուկային խնդիրներու, Գործողութիւններու համատեղ համապարփակ ծրագրի եւ (ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի) 2231 բանաձեւի հետ կապուած տարբեր առումներ»,-ըսած է դիւանագէտը։