Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարները այսօր եւս մէկ հանդիպում պիտի ունենան Շուէտի մէջ՝ ԵԱՀԿ նախարարական համաժողովի շրջանակներուն մէջ:
Այս մասին Եւրոխորհրդարանին մէջ յայտարարած է Եւրոմիութեան արտաքին քաղաքական գերատեսչության ներկայացուցիչ Լիւք Տիվինը:
Սպասուող հանդիպման մասին յայտնած են նաեւ ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:
Նշենք, որ Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը յայտնած էր, որ Դեկտեմբեր 1-3 ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան աշխատանքային այցով կը մեկնի Սթոքհոլմ՝ մասնակցելու ԵԱՀԿ նախարարական 28-րդ համաժողովին, նաեւ տեղի պիտի ունենան շարք մը երկկողմ հանդիպումներ: