Սթոքհոլմի մէջ ԵԱՀԿ նախարարական համաժողովի շրջանակներուն մէջ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարներու հանդիպում տեղի չէ ունեցած։ Այս մասին տեղեկացուց Արտաքին Գործոց նախարարութեան մամուլի քարտուղար Վահան Յունանեանը։
«ԵԱՀԿ 28-րդ նախարարական համաժողովի շրջանակներուն մէջ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարներու հանդիպում տեղի չէ ունեցած։ Ընդգծեմ, որ հայկական կողմը երբեք չէ խուսափած ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան մանտաթի ներքոյ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի շրջանակներուն մէջ հանդիպումներէ։